Պոկտանով Այսօր Երեկոյեան Պիտի Ժամանէ Լիբանան
Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով այսօր երեկոյեան պիտի ժամանէ Պէյրութ:
Լիբանան կատարած իր այս պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Պոկտանով հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ներկայ եւ նախկին պետական պաշտօնատարներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ: Պիտի քննարկուին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Պոկտանով վաղը` ուրբաթ, 5 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի մասնակցի լիբանանեան-ռուսական բարեկամութեան միութեան կազմակերպած եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հովանաւորած հանդիսութեան, որ նուիրուած է Լիբանան-Ռուսիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 70-ամեակին:
CATEGORIES Լիբանանեան

