Ղանեմ. «Ընտրական Օրէնքին Գծով Մուսթաքպալի, Լիբանանեան Ուժերու Եւ Պըրրիի Առաջարկներուն Միջեւ Մեծ Տարբերութիւններ Չկան»

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրինագիծի մշակման խորհրդարանական յատուկ ենթայանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Ալի Ֆայեատ, Ժորժ Ատուան, Էմիլ Ռահմէ, Ալեն Աուն, Մարուան Համատէ, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Զիատ Քատիրի:

Նիստէն բացակայեցաւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ` ճամբորդութեան պատճառով:

Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ յանձնախումբը ընդհանուր համակարգ մը ճշդած է` համամասնական եւ մեծամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը մշակելու նպատակով:

Ան նշեց, որ այս հանգրուանին կը քննարկուի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած օրինագիծը, որ ներկայացուած է երեսփոխան Ալի Պեզզիի կողմէ:

«Այս օրինագիծը Մուսթաքպալի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցած օրինագիծերէն շատ չի տարբերիր: Ըստ այս օրինագիծին, համամասնական դրութեամբ 64 երեսփոխան եւ մեծամասնական դրութեամբ 64 երեսփոխան ընտրելու փոխարէն, կ՛առաջարկուի համամասնական դրութեամբ 68 երեսփոխան ընտրել, իսկ մեծամասնական դրութեամբ` 60 երեսփոխան», ըսաւ ան:

Ղանեմ յայտնեց, որ յանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES