Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դատապարտեց Սահմանադրութեան Դէմ Գործուած Օրինազանցութիւնը

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն մաս մը

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն մաս մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ բարձր գնահատուեցաւ Ռայի պատրիարքին Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութիւնը` լիբանանցիներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դատապարտեց ի խնդիր քաղաքական շահերու սահմանադրութեան դէմ գործուած օրինազանցութիւնը` նկատել տալով, որ այդ արարքը կը հակադրուի Լիբանանի ժողովրդավարական պատմութեան եւ երկրին Ազգային ուխտին:

Մարոնի եպիսկոպոսները զարմանք յայտնեցին խորհրդարանին կողմէ ինքն իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարողութեան համար` աւելցնելով, որ անիկա կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարական վարչակարգին:

Անոնք խոր կսկիծով անդրադարձան Ռաս Պաալպեքի մէջ ահաբեկչութեան գործած դաւադրութեան պատճառով բանակայիններուն նահատակութեան եւ խստիւ դատապարտեցին յարձակող կողմերը:

Խորհուրդը ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն ընտանիքներուն` ողջունելով լիբանանեան բանակը եւ գնահատելով Լիբանանի համար անոնց մատուցած զոհողութիւնները` երկիրն ու քաղաքացիները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու առումով:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն` նեցուկ կանգնելու բանակին, ինչպէս նաեւ պետութենէն խնդրեց բանակին զէնք ու զինամթերք ապահովել, որպէսզի ան կարենայ լաւագոյնս ծառայել իր ուխտին եւ հսկել երկրին ապահովութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումին:

Խորհուրդը կառավարութենէն խնդրեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման համար յաւելեալ ճիգեր ի գործ դնելու: Այս առումով, մարոնի եպիսկոպոսները զօրակցութիւն յայտնեցին առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն եւ անոնց համբերութիւն եւ ինքնազսպում մաղթեց:

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ, իսկ ահաբեկչութիւնը տապալի:

Share this Article
CATEGORIES