Պըրրի Կոչ Ուղղեց Զօրակցելու Բանակին

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զօրակցելու բանակին` ահաբեկչութեան դէմ մղած անոր պատերազմին առնչութեամբ:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին մղած այսօրուան պայքարը պիտի ծառայէ Լիբանանի եւ անոր կայունութեան պաշտպանութեան:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումները` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ամէն իմաստով օժանդակել զինուորական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամրապնդել անոր դերակատարութիւնը եւ զինել զայն:

Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք շարք մը երեսփոխաններ հաստատեցին, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը առկայ է եւ անոր շուրջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին վերաբերող իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան ընդգծեց ամէն գնով բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:

«Լիբանանցիները անխտիր պէտք է զօրակցին բանակին, որովհետեւ անիկա է երկրին ազգային միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանողը` Դիմադրութեան հետ գործակցաբար», ընդգծեց Արսլան:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան լաւատես է երկխօսութեան առումով` աւելցնելով, որ երկխօսութեան առաջին նիստը պիտի կատարուի Այն Թինէի մէջ` իր հովանաւորութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES