Նահատակուած Բանակայինները Յանձնուեցան Հողին
Լիբանան երէկ հողին յանձնեց Ռաս Պաալպեքի մէջ յարձակումի ենթարկուած իր վեց բանակայինները:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի գիւղաքաղաքները զարդարուեցան սպիտակ ժապաւէններով` հարսանիքի համազօր յուղարկաւորութեան արարողութիւններով վերջին հրաժեշտը տալու ահաբեկչութեան թիրախ դարձած երիտասարդ բանակայիններուն:
Ժապալ Մըհսենի մէջ Մոհամետ Ալի Սլէյմանի դիակը դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով ու լիբանանեան դրօշակներով եւ արժանացաւ ժողովրդային թաղումի:
Աքքարի Այեաթ գիւղաքաղաքը խոր կսկիծով դիմաւորեց 20-ամեայ նահատակ բանակային Ռապիհ Հուտան:
Աքքարի Հապշիթ գիւղաքաղաքը իր կարգին կրակոցով, բրինձով եւ ծաղիկներով դիմաւորեց իր նահատակ զաւակը` Ալի Մոհամետը:
Պեքաայի Ալի Նահրի գիւղաքաղաքին մէջ, նահատակ բանակային Մաշհատ Ապպաս Շարաֆէտտին յանձնուեցաւ հողին` խոր յուզումի մթնոլորտին ներքեւ:
Պաալպեքի մէջ կատարուեցաւ նահատակ բանակայիններ Ալի Եազպեքի եւ Մոհամետ Սլիմի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ գուժեց բանակի սակրաւորներէն Մահմուտ Ալի Նուրէտտինի նահատակութիւնը:
Նուրէտտին նահատակուեցաւ Արսալի Ուատի Աթա շրջանին մէջ ական մը վնասազերծելու ընթացքին, երբ ականը պայթեցաւ:
Պայթումին պատճառով վիրաւորուեցան նաեւ երկու ուրիշներ:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել գուժեց նահատակ բանակայիններուն մահը եւ շեշտեց, որ բանակը վճռակամ է ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պատերազմին մէջ:
Ան ապաքինում մաղթեց վիրաւոր բանակայիններուն:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ նախարար Մուքպելի հետ` գուժելով բանակայիններուն նահատակութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնելով բանակին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գործուած յարձակումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն, լիբանանցիներուն եւ բանակին:

