Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Թրքական Հատուածի Կառուցման Աշխատանքները Պիտի Աւարտին Ճշդուած Ժամանակին
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի փոխադրամիջոցներու փոխնախարար Մուսա Փանահով` պատասխանելով Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի թրքական հատուածի աշխատանքներուն ձգձգման մասին հարցումին, ըսած է, որ այդ հատուածի կառուցման աշխատանքները կ՛աւարտին ժամանակին:
«Այդպիսի խօսակցութիւններ կ՛ըլլան նախագիծի իրագործման ամէնէն սկիզբէն: Պիտի ուզէի ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ աշխատանքները կը շարունակուին եւ պիտի աւարտին ժամանակին», ըսած է ան:
Ըստ ազրպէյճանցի փոխնախարարին ա, դեկտեմբերին կը նախատեսուի առաջին գնացքի շարժը` թուրք-վրացական սահմանէն:
Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին կը կառուցուի Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած միջպետական համաձայնագիրի հիման վրայ:
CATEGORIES Հայկական

