«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած» Կ՛ըսէ Հարֆ

Մարի Հարֆ

Մարի Հարֆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ` պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձին առիթով «Ռէյպըռն» շէնքին մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Քոնկրեսի Հայկական հարցերով խմբակի նախատեսած ընդունելութեան վերաբերեալ հարցումին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Քոնկրեսը կատարելապէս ազատ է այդպիսի ձեռնարկներ կատարելու, մենք չունինք որեւէ դիրքորոշում, թէ Քոնկրեսը ի՛նչ կ՛ընէ այս տեսակի իրադարձութիւններու հետ կապուած, մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած», ըսած է Հարֆ:

«Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ ղարաբաղեան խնդիրի վերաբերեալ երկարատեւ համաձայնութեան հասնելու յանձնառութեան, եւ ատիկա մենք արդէն կ՛ըսենք երկար ատենէ ի վեր», ըսած է ան:

Հարֆ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ որեւէ տեսակէտ չունին իրադարձութեան վերաբերեալ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը չէ փոխուած:

«Երբեմն այն ամէնը, ինչ որ Քոնկրեսը կ՛ըսէ, չի համապատասխաներ մեր դիրքորոշումին», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES