Խօսելով Սահմանը Բանալու Պապի Ցանկութեան Մասին` «Հայկական Կողմին Մեր Երկարած Ձեռքը Անպատասխան Կը Մնայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու

Մեւլութ Չաւուշօղլու

Թրքական «Հապեր3» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, մեկնաբանելով Ֆրանչիսկոս պապի այն յայտարարութիւնը, թէ կը ցանկար Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաց տեսնել, ըսած է. «Ատիկա պապի ցանկութիւնն է: Մենք ալ ատիկա կ՛ուզենք, սակայն Հայկական հարցին առնչութեամբ Թուրքիան միշտ քայլ կը կատարէ: Հակառակ կողմէն ձայն չ՛ելլեր, եւ մեր երկարած ձեռքը անպատասխան կը մնայ»:

Պահչելի. «Սահմանի Բացման Հարցը
Պապին Գործը Չէ»

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի քննադատած է Ֆրանչիսկոս պապի Թուրքիա այցելութիւնը եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու մասին անոր յայտարարութիւնը:

Ան նշած է, որ պապին այցելութեան ամէնէն կարեւոր դրուագները եղած են յոյն ուղղափառ պատրիարքին հետ անոր հանդիպումն ու Հայաստանի հետ սահմանը բանալու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւնը:

Պահչելի յայտարարած է, որ պապին յայտարարութիւնը կարծես կը վկայէ այն մասին, որ 2015-ին «այսպէս կոչուած ցեղասպանութեան հարցը» պիտի ըլլայ գլխաւորը:

«Պապը կարծես այդ մասին լուր կու տար եւ կը խօսէր այնպիսի հարցի մը մասին, որ իր գործը չէ», ըսած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES