Ուորլիք Մեկնաբանած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ Իր Հանդիպումը

Ճէյմս Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք` մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ իր հանդիպումը, ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ կը կարծեմ, որ կարեւոր է քննարկումներ կատարել բոլոր կողմերուն հետ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար»:
«Մենք քննարկած ենք թուլացման կարեւորութիւնը լարուածութեան, որ ստեղծուած է 12 նոյեմբերին շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած դէպքէն ետք, եւ խօսած ենք բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութեան մասին», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական

