Թուրքերու Հակահայկական Կոչերը` Հոլանտայի Խորհրդարանի Օրակարգին Մէջ
Յունիսին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման դէմ թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցին ընթացքին բարձրացուած կարգախօսերը յայտնուած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրակարգին մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սոնհապեր» կայքը, ըստ որուն, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը, խորհրդարանին կողմէ իրեն յղուած նամակին ի պատասխան, Ներկայացուցիչներու տան ուղարկած նամակին մէջ այսպէս մեկնաբանած է թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցին ընթացքին բարձրացուած կարգախօսերն ու ազգայնական երաժշտութիւնը. «Ատիկա չի նպաստեր գոյութիւն ունեցող լուրջ հարցին լուծման»:
Հոլանտացի նախարարը սադրանքի դրսեւորում նկատած է յատկապէս հանրահաւաքին ընթացքին ձայնասփռուած երաժշտութիւնը եւ «Ղարաբաղը հայու գերեզման պիտի դառնայ» կանչերը:
Նախարարը նամակին մէջ նաեւ նշած է, որ թուրք պաշտօնատարները Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ տակաւին շատ զգայուն են` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կոչ եղած է աւելի պատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերելու այդ հարցին վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ թուրքերը ցոյց կազմակերպած էին` բողոքելով հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման դէմ (Յուշահամալիրի բացումը տեղի ունեցած էր այս տարուան 24 ապրիլին):
Հոլանտայի շարք մը կուսակցութիւններ յայտարարած էին, որ 1 յունիսի ցոյցը շատ հաւանաբար կազմակերպուած էր թրքական իշխանութիւններուն օժանդակութեամբ:
Կարգ մը պաշտօնատարներ` յայտնելով, որ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հոլանտայի մէջ շարք մը մզկիթներ աջակցած են բողոքի շարժումին, պահանջած են, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպի իր թուրք պաշտօնակիցին հետ եւ պարզաբանում ստանայ հարցին վերաբերեալ: Բացի ատկէ, պահանջած են հանդիպիլ նաեւ Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսին հետ:

