Ուրուկուէի Փոխնախագահը Հայաստան Պիտի Այցելէ

1203_astori-viceՈւրուկուէի գործող փոխնախագահ, օրէնսդիր մարմինի նախագահ Տանիլօ Ասթորի  պաշտօնական այցելութեամբ վաղը պիտի հասնի Երեւան` հայաստանցի իր պաշտօնակիցներուն հրաւէրով:

Ասիկա պիտի ըլլայ ցարդ ուրուկուէյցի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարին այցելութիւնը  Հայաստան:

Ծրագրուած են հանդիպումներ եւ  բանակցութիւններ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:

Տանիլօ Ասթոր նորընտիր նախագահ Թապարէ  Վասքեսի կառավարութեան մէջ յառաջիկայ տարուան 1 մարտէն ետք պիտի ստանձնէ տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը:

Share this Article
CATEGORIES