Անչելոթթի. «Միլանը Մարզելը Աւելի Բարդ Է, Քան Ռէալը»

AncellotiՍպանական Ռէալ Մատրիտ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, որ իրեն համար Միլանը մարզելը աւելի դժուար եւ բարդ է, քան Ռէալ Մատրիտը:

Անչելոթթի իր խօսքին մէջ նշեց. «Բախտը ունեցայ մարզելու Ռէալ Մատրիտի խումբը, ուր ներկայիս կան բարձրակարգ եւ արհեստավարժ խաղացողներ, որոնք բոլորն ալ կը հետեւին իմ որոշումներուս եւ ցուցմունքներուս: Ինծի համար աւելի դժուար էր ազդել Փիրլոյի, Ռիւ Քոսթայի, Սետորֆի եւ Ռիվալտոյի վրայ, քան Իսկոյի, Քրուսի, Ռոնալտոյի եւ Պէյլի»:

Ան աւելցուց ըսելով. «Ռէալի մէջ ես առաջին անգամ ըլլալով փոփոխութիւններ մտցուցի ֆութպոլի իմ փիլիսոփայութեանս մէջ: Այս տարեշրջանին աշխատանքները աւելի դիւրին են` ի պատիւ անցեալ տարուան յաջողութիւններուն, որովհետեւ արդէն իսկ ճիշդ ուղին գծուած է մեզի համար»:

Նշենք, որ Անչելոթթիի այս յայտարարութիւնը սփռուեցաւ Միլանի պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )