Սքոլարի Մերժեց Կարգ Մը Չինական Ակումբներ

1203_ScolariՊրազիլի հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Լուիս Ֆիլիփփէ Սքոլարի մերժած է շարք մը չինական ակումբներու առաջարկներ:

Այս լուրը կը հաստատէ փորթուգալեան «Ա Պոլա» մարզական օրաթերթը:

66-ամեայ պրազիլցի մարզիչը մերժած է այս առաջարկները հիմնական մէկ պատճառով, որն է հայրենիք մնալու ցանկութիւնը:

Յայտնենք, որ 2014-ի աշխարհի ախոյեանութենէն ետք ան հեռացաւ Պրազիլի ազգային խումբէն եւ միացաւ պրազիլական Կրեմիօ խումբին, որ  ներկայիս Պրազիլի ախոյեանութեան 7-րդ դիրքը կը գրաւէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )