Սանթոս. «Փլաթինի Եւ Պլաթըր Պէտք Չէ Կարծիք Յայտնեն Ոսկիէ Գնդակին Գծով»
Փորթուգալի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոս կոչ ուղղեց ՖԻՖԱ-ի եւ ՈՒԵՖԱ-ի ղեկավարներուն` կարծիք չարտայայտելու Ոսկիէ գնդակի թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն յաղթանակի կարելիութեան մասին:
Յայտնենք, որ վերջերս իր կատարած յայտարարութեան մէջ Փլաթինի նշած էր, որ այս տարի Ոսկիէ գնդակին պէտք է տիրանայ այն թեկնածուն, որ դարձած էր աշխարհի ախոյեան:
Նշենք նաեւ, որ այս տարուան Ոսկիէ գնդակի երեք վերջին եւ հիմնական թեկնածուներն են փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, արժանթինցի Լիոնել Մեսսի եւ գերմանացի եւ աշխարհի ախոյեան Մանուէլ Նոյըր:
Սանթոս իր խօսքի աւարտին աւելցուց, որ նման բարձր պաշտօններ վարող մարդիկ պէտք չէ յայտնեն իրենց կարծիքը այսպիսի նիւթերու շուրջ, եւ կարեւոր է, որ չէզոք եւ արդար մնան բոլորին նկատմամբ:
CATEGORIES Մարզական

