Ըմբշամարտ. Ազատ Ոճի Միջազգային Մրցաշարքին Հայ Ըմբիշները Լաւ Արդիւնքներ Արձանագրեցին
Ռուսիոյ մէջ վերջ գտաւ ըմբշամարտի ազատ ոճի միջազգային մրցաշարք մը, որուն մասնակցած էին 12 երկիրներէ 112 ըմբիշներ:
Այս մրցաշարքին Ցոլակ Արոյեանի գլխաւորութեամբ 4 հայ ըմբիշներ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ արձանագրեցին լաւ արդիւնքներ:
Հայ 4 մարզիկներէն Գոռ Բարսեղեան լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց, երբ 61 քկ կշիռքի խաղերուն տիրացաւ երրորդ դիրքին եւ շահեցաւ 45 հազար ռուբլի պարգեւ մը:
Միւս կողմէ, մրցանակակիր դառնալու շատ մօտ էին նաեւ միւս հայ մարզիկները` Գոռ Գրիգորեան (57 քկ), Վոլոտիա Ֆրանքուլեան (61 քկ) եւ Վարուժան Կաջոյեան (74 քկ), որոնք վերջին հանգրուաններուն պարտութիւն կրեցին եւ բաւարարուեցան միայն 5-րդ դիրքով:
CATEGORIES Մարզական

