Յունա-Հռոմէական Ըմբշամարտ. Հայաստան 7 Ըմբիշով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ակմբային Ախոյեանութեան
Իրանի Ապատան քաղաքին մէջ 3-էն 5 դեկտեմբերի միջեւ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակմբային ախոյեանութիւնը:
Արսէն Մակվեցեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան այս մրցաշարքին ներկայացած է Երեւանի Տինամօ ակումբի 7 ըմբիշներով` Գոռ Ներսիսեան (59 քկ), Յովհաննէս Վարդերեսեան (66 քկ), Արմէն Մելիքեան (71 քկ), Ռուբէն Ղարիպեան (75 քկ), Էդուարդ Սարգսեան (80 քկ), Արգիշտի Աբգարեան (85 քկ) եւ Կարէն Աբգարեան (98 քկ):
Աշխարհի անդրանիկ ակմբային այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 12 երկիրներէ եկած 14 խումբեր (Իրանը ներկայացած է 3 խումբով): Հայաստանէն եւ Իրանէն բացի մասնակացած են նաեւ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Հունգարիոյ, Խըրխըզիստանի, Չինաստանի, Քուպայի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ակումբները:
Երէկ առաւօտեան հայ ըմբիշները մնացեալ մարզիկներուն հետ Թեհրանէն մեկնեցան Ապատան: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ կշիռքի արարողութիւնը, իսկ այսօր կը սկսին խմբային հանգրուանի մրցումները, վաղը տեղի պիտի ունենան աւարտական խաղերը եւ այսպիսով կ՛աւարտի այս մրցաշարքը: