Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ճամբորդութեան պարագային ձեր մեկնումի հարցերը կարգադրեցէք, որպէսզի ձեր ճամբորդութիւնը անցնի հաճելի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ ձեզի մօտիկ անձերը կրնան խնդիրներ ստեղծել, եւ դուք պիտի ստիպուիք ստանձնել ձեր պատասխանատուութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միշտ ուրիշները յառաջ տանելու մասին մի՛ մտածէք: Դուք եւս կրնաք դուք ձեզ արժեւորել անպայման:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք ցուրտ օդին, կրնաք խանգարել ձեր առողջութիւնը: Պաշտպանուեցէք լաւ հագուելով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ դատապարտէք ձեր բարեկամները, որոնք ձեզի համակարծիք չեն: Ձեր միջեւ եղած տարբերութիւնը հարստութիւն մըն է արդէն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ձեզի կը մաղթեն, որ ըլլաք աւելի կեդրոնացած: Առանց անոր` չէք կրնար ուրիշներու սխալները տեսնել:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եոկա մարզաձեւը կիրարկելով` շատ գոհ կրնաք մնալ: Ուրեմն կատարեցէք այս մարզանքը` բարելաւելու համար ձեր տրամադրութիւնը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ապագան պիտի շինէք` հետեւելով ձեր յարատեւ աշխատանքին: Այդպիսով, կրնաք հաստատ վիճակ մը ունենալ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խնդրայարոյց մի՛ ըլլաք ձեր գործընկերներուն հետ: Միշտ դրական կեցուածք ունեցէք, կը սիրուիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբթուան ընթացքին շատ յոգնած էք, ուրեմն շաբաթավերջը տրամադրեցէք հանգիստի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշի մը սէրը յաւերժական չի կրնար ըլլալ, պէտք է բոցավառել սէրը պարբերաբար, որպէսզի կեանքը բնական ընթանայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր բացակայութիւնը ընկերային կեանքի մէջ նկատելի է: Ջանացէք յաճախակի ներկայ ըլլալ նման տեղերու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )