50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Նոյն Ջահակիրը Աննահանջ
(Դաշնակցութեան Օրուան Առթիւ)

Վաղը` կիրակի, Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ, շքեղ հանդիսութեամբ պիտի տօնուի ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, 74-րդ տարեդարձը մեր փառապանծ կուսակցութեան, որ յեղափոխութեան կրակի ճամբաներէն անցած, այսօր, յաղթահասակ կաղնի մը իբրեւ, իր թեւերը լայն տարածած է հայ կեանքի բոլոր կալուածներէն ներս` իբրեւ անվհատ եւ արթուն պահակը հայութեան անկորնչելի արժէքներուն:

Որքան կը հեռանանք հայոց պատմութեան փոթորկալի օրերէն, որոնք ամբողջ ժողովուրդի մը գոյութեան պայքարը կը յատկանշեն, ազատութեան եւ արժանապատուութեան մէջ, այնքան աւելի կը պայծառանայ դէմքը այն առասպելական մարդոց, որոնք ցեղին տառապանքով պոռթկուն` հրդեհեցին Հայաստան աշխարհը յեղափոխութեան վառ կրակով:

Այն օրէն ասդին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` նոյն իտէալին դրօշակիրը, ազատութեան նոյն ջահակիրը աննահանջ, նոյն ճամբաներուն յաւիտենական ճամբորդն է, իր անմահ հիմնադիրներու ժառանգութեամբ հարուստ:

Դաշնակցութեան հիմնադիրները եղան անոնցմէ, որոնց նմանները գտնելու համար պիտի պեղենք մեր պատմութեան շքեղ դրուագներու կերտիչներուն շարքը, փաղանգը անոնց, որոնք առաւելագոյն չափով իրենց անձին ու գործին մէջ կը խտացնեն մեր ցեղային արժանիքները:

Ու եթէ այսօր, իր հիմնադրութենէն 74 տարի ետք, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իբրեւ ուժ եւ հեղինակութիւն կը գործէ հայ կեանքին մէջ, երբ կը յաջողի հարազատօրէն  ցոլացնել հայութեան բաղձանքներն ու իտէալը, ատիկա կը պարտի Քրիստափոր-Ռոստոմ-Զաւարեան նուիրական երրորդութեան առաքեալներուն, որոնք առաջին իսկ օրէն տեսան անհրաժեշտութիւնը բարոյական ամուր կռուանին, որուն վրայ պիտի գար կերտուիլ հայութեան մեծագոյն կազմակերպութիւնը:

Ուրիշ գաղտնիք չունի այս կուսակցութիւնը, երբ տարուէ տարի կը խտանան իր շարքերը, երբ հայրենիքի ու հայութեան ազատութեան մտասեւեռումը ունեցող սերունդներ նոյն աւազանին մէջ կը ստանան իրենց մկրտութիւնը, նոյն սեղանին առջեւ կը կատարեն իրենց երդումը, սրբազան ուխտը` նուիրուելու ազգին ու հայրենիքին եւ այն բոլոր նուիրականութիւններուն, որոնք ժողովուրդի մը գոյատեւելու ուժ եւ կամք կու տան, անոր պայքարին թեւ ու թիկունք կը հանդիսանան, որքան ալ դաժան ըլլան պայմանները:

Հայ ժողովուրդը բնազդօրէն կը զգայ այս իրականութիւնը, գործնապէս կը գնահատէ ՀՅ Դաշնակցութեան անսակարկ նուիրումը մեր Դատին, որ արիւնագիր մուրհակով մը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, անվկանդ կամքովը գաղափարական երիտասարդութեան մը, որ ամէնօրեայ  ճիգի ու տքնումի մէջ է, նախ` պահելու իր հարազատ դիմագիծը, ապա ուրեմն շարունակելու պայքարը` ի խնդիր ազատութեան եւ անկախութեան:

Այս պայքարին մէջ մեզի ու հայ ժողովուրդին զօրավիգ կանգնողը Դաշնակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներուն եւ անոր դիւցազնական հերոսներուն ոգին է. անոնց անսահման հայրենասիրութիւնը, զոհողութեան եւ նուիրումի անկրկնելի օրինակը, զոր տուին իրենց կեանքով ու գործով, իրենց բարոյական մեծութեամբ` դառնալով հսկաները մեր նորագոյն պատմութեան:

Իրենց կենդանութեան մեր անմահ հիմնադիրները կրաւորական հայ գիւղացիէն դարբնեցին հոմերոսեան հերոսներ, որոնք բարկացած աստուածներու նման` անցան հայոց լեռներուն վրայէն, պոռթկալով ժողովուրդի մը դարերու տառապանքը, զրկանքն ու ցաւը ընդդէմ անագորոյն թշնամիի մը, որ սանձարձակ կը գործէր` աւերելով ու քանդելով մեր օճախները:

Իսկ մահէն անդին, անոնք անմար աստղերու նման կը շողան հայութեան երկնակամարին վրայ` գործի ու պայքարի նուիրական պատգամներով:

Ու հայ երիտասարդը կը լսէ անոնց ձայնը` ճանչնալով անոնց հոգին այն կազմակերպութեան մէջ, որ ուզեցին ըլլալ իրե՛նց պատկերով, իրենց իտէալին ու գաղափարին հարազատ արտայայտիչը, եւ այդպէս ալ մնայ մինչեւ այն օրը, երբ պաշտելի հայրենիքը վերջնականապէս ազատագրուի ամէն գոյնի եւ ամէն ձեւի բռնակալութենէ:

Այսպէս կը հաւատանք մենք ու այդ հաւատքէն կ՛առնենք մեր ուժը: Յստակ է մեր ուղին, նախագծուած` հայ ժողովուրդի կամքով, իր պատմական առաքելութեան եւ քաղաքակրթական դերին խոր գիտակցութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )