Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիր Կարդալու Վատ Պատճառներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ: ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻ՞ՒՆԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿՆԵ՞Ր ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ, ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵ՞Ր ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ: «ՍՓԱՅՔՏ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ԱԼՔԱ ՍԵԿԱԼ ՔԱՊԸՐԹ ԿԸ ՎԻՃԻ ԵՐԿՈՒ «ՎԱՏ» ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒ ԴԷՄ, ՈՐՈՆՔ, ԿԸ ՇԵՂԻՆ ՃԻՇԴ ՆՊԱՏԱԿԷՆ:
Անցեալին, երբ հարց կու տայինք, թէ ինչո՞ւ Շէյքսփիր պէտք է կարդալ, հաւանաբար կը ստանայինք երկու պատասխան. անոր գործերը գեղեցիկ են, ան մեզմէ բաներ կը պահանջէ, կը մղէ, որ աւելի ճիգ թափենք մտածելու, աւելի խոր մտածենք: Այս պատճառները ընդունելի են նաեւ այսօր: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ Շէյքսփիր կարդալու երկու վատ պատճառներ: Եւ դժբախտաբար այս երկու պատճառներն են, որոնք հետզհետէ աւելի կը ջատագովուին ներկայ ժամանակներուն:
Առաջին վատ պատճառը այն է, որ Շէյքսփիր կը նպաստէ մեր ջղային դրութիւնը աշխուժացնելու: Ճիշդ է` կարգ մը ակադեմականներ տարբեր տեսակի ջղագիտական փորձարկութիւններ կը կատարեն Շէյքսփիր կարդացող անձերու վրայ: Անոնք նոյնիսկ հրապարակած են ուսումնասիրութիւն մը` «Իրադարձութիւններու հետ առնչուած Շէյքսփիրի պատմողական նախադասութիւններուն կառուցային տարբերութիւններուն հաւանական նկարագրութիւնները» նիւթով: Կատակ չէ այս: Ուսումնասիրութիւնը արձանագրած է Շէյքսփիր կարդալու պահուն մարդոց ուղեղին մէջ արձանագրուած ջղային գործունէութեան տարողութիւնը, զայն բաղդատած է նուազ տաղանդաւոր թատերագիրներէ գործերու ընթերցանութեան ընթացքին արձանագրուած գործունէութեան հետ, եւ ի զարմանս մեր բոլորին, եզրակացուցած է, թէ մարդոց ուղեղին մէջ շատ աւելի աշխուժ գործունէութիւն տեղի կ՛ունենայ, երբ անոնք կը կարդան աշուղին գործերը: Յայտնապէս պատճառը այն է, որ ան բառեր կը գործածէ արտասովոր եւ անսպասելի յարակցութիւններով:
Կարիքը չկայ ջղագէտ կամ գրականագէտ ըլլալու` անդրադառնալու համար, թէ այս դիտանկիւնը լաւագոյն պարագային շատ սնամէջ է: Վստահաբար գոյութիւն ունին աւելի դիւրին եւ արագ միջոցներ` ջղային դրութիւնը աշխուժացնելու, եթէ այս է մեր նպատակը:
Երկրորդ վատ պատճառը հետեւեալն է. գրական գլուխ գործոցներ կարդալով` աւելի լաւ, աւելի կարեկցող, աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերող անձեր կը դառնանք: Օրինակ, հոգեբաններ Տէյվիտ Քամըր Քիտ եւ Էմանուէլ Քասթանօ «ուղեղի տեսութեան թեքնիքներ» փորձարկած են անձերու վրայ` անոնց տալով պարագայական ձեւով ընտրուած ժողովրդային, ոչ-երեւակայական կամ գրական դասական գործեր կարդալու պարտականութիւնը: Այս հոգեբանները «ի յայտ բերած են», թէ անոնք որոնք կարդացած են «գրական դասական գործեր», շատ աւելի լաւ յաջողած են ճանչնալ զգացումները:
Ասիկա կը շոյէ զգացումները անոնց, որոնք կը սիրեն գրականութիւն կարդալ: Սակայն, դժբախտաբար, պարզապէս սխալ է մեկնաբանութիւնը: «Լիթըրըրի էճիւքէյշըն. է ռիիվելիուէյշըն» (հրատարակուած` 1963-ին) վերնագիրով իր գիրքին մէջ Ճէյմս Կրիպըլ համոզիչ կերպով կը վիճի այն տեսութեան դէմ, թէ գրականութիւնը մեզ աւելի հասկցող կը դարձնէ: Ան կը մատնանշէ, թէ կարդալու ընթացքին տիպարներուն նկատմամբ մեր զգացումներուն եւ իրական կեանքի մէջ մարդոց նկատմամբ մեր զգացումներուն միջեւ ուղղակի կապ մը փնտռելը կ՛անտեսէ գրագէտին ճիգերն ու տաղանդը: Գրականութիւն մշակելու միջոցով է, որ հեղինակ մը կը դիւրացնէ յայտնութիւնը կարեկցանքի զգացումներու, տիպարի մը նկատմամբ, որուն եթէ պիտի հանդիպէինք իրական կեանքի մէջ, հաւանաբար դժուար թէ տրամադիր ըլլայինք մէկ կամ երկու օր յատկացնելու անոր: Կարեկցանքի եւ գութի զգացումները կը ծնին բարոյական այն զգացողութենէն, որ ունինք բոլորս, անկախ գրականութեան մեր ծանօթութենէն:
Գրականութիւն կարդալու յատկանշական եւ օգտակար երեւոյթներէն մէկը այն է, թէ գրական գործ մը կը պահանջէ վերլուծական մօտեցում: Ասիկա կ՛ենթադրէ նկատի ունենալ անոր առարկայական բնոյթը եւ մեր ենթակայական մօտեցումին պարունակը: Ասիկա կը նշանակէ դատումներ կատարել` հիմնուած մեր մեկնաբանութիւններուն վրայ: Սակայն տրուածը կրաւորական ձեւով ընդունելու փոխարէն` մենք մեզ վերլուծելու եւ հասկնալու այս կարողութիւնը կրնանք նաեւ այլապէս օգտագործել մեր կեանքին մէջ, ինչպէս` հասկնալու ակադեմականներու ճիգերը, որոնք արուեստը կ՛արդարացնեն անոր գիտական կամ բարոյական արժանիքներուն հիմամբ: Եթէ թոյլ տանք, որ այս վատ պատճառները տիրապետեն Շէյքսփիր կարդալը արդարացնելու կամ հասկնալու մեր մօտեցումին մէջ, ապա դաւաճանած կ՛ըլլանք նոյնինքն աշուղին խորախորհուրդ մարդկայնութեան: