Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Նոյնինքն Ռամպրա՞նթ Յայտնագործած Է «Սելֆին»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1634-ին):

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1628-1629-ին):

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՎԱՐՊԵՏԸ ԳԾԱԾ Է ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՆԱԵՒ ԿԸ ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿԵՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏ ԱԼԱՍԹԸՐ ՍՈՒՔ` «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ:

Ապագային, երբ ընկերային պատմաբաններ պիտի բնորոշեն 21-րդ դարը, արդեօք ինչպէ՞ս պիտի նկարագրեն մեր ժամանակաշրջանը: Կը կարծեմ, թէ մեր ապրած ժամանակները պիտի ճանչցուին իբրեւ «Նարսիսականութեան ժամանակաշրջանը»: Փա՞ստը. բաւարար է մտածել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս անդադար կ՛օգտագործեն ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները` համացանցի վրայ դրոշմելով իրենց կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պատկերող լուսանկարներ: «Սելֆի»-ի երեւոյթը, ինչպէս ծանօթ է այս, այնքա՛ն ընդհանրացած է, որ Օքսֆորտ բառարանները զայն ընտրած են իբրեւ «2013-ի բառը»: Անոնց համաձայն, սելֆին «լուսանկար մըն է, որ մէկը կ՛առնէ` ինքզինք նկարելով «խելացի» հեռաձայնի մը կամ համակարգչային լուսանկարչական գործիքի մը միջոցով եւ զայն կը վերբեռնէ համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան կայքի մը մէջ»:

Այս մասին կը մտածէի վերջերս, որովհետեւ Լոնտոնի մէջ, ուր կը բնակիմ, արուեստի եղանակը արդէն սկիզբ առած է եւ ամէնէն մեծ իրադարձութիւններու շարքին է Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած «Ռամպրանթ. տը լէյթ ուըրքս» ցուցահանդէսը: Պէտք է նշել, որ Ռամպրանթ Վան Ռայնէն (ապրած է 1606-1069) առաջ եւ ետք ոչ մէկ արուեստագէտ նոյնքան լաւ ծանօթ էր սելֆիներու յատկութեան:

Ռամպրանթի ելեւէջներով յատկանշուած կեանքին անփոփոխ յատկանիշներէն մէկը անոր ինքնանկարներու սէրն է: Չորս տասնամեակներու ընթացքին ան ստեղծած է շուրջ 80 ինքնանկարներ` գեղանկարչական տարբեր միջոցներով, ինչպէս` գեղանկարներ, գծանկարներ եւ տպագրութիւններ, միշտ կերպարանափոխելով գեղանկարչութեան այս սեռը: Թիւերը կը տարուբերին, սակայն կարելի է ըսել, թէ Ռամպրանթի դիմանկարները կը կազմեն անոր գործերուն 20 առ հարիւրը: Հետեւաբար այսօր թանգարան այցելողներէն շատերը անմիջապէս կը ճանչնան անոր պարզ, սակայն բնորոշ յատկանիշները. կլոր ու խոշոր քիթը, որ յատուկ է արուեստի պատմութեան մէջ միայն մէկ գեղանկարիչի:

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1634-ին):

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1634-ին):

Մասնագէտներ Ռամպրանթի ինքնանկարները ընդհանրապէս կը բաժնեն երեք մասի: Կան կենսունակ եւ փորձառական ինքնանկարները, զորս գեղանկարիչը գծած է իր երիտասարդութեան, եւ որոնց մէջ կը պեղէ լոյսի ներգործութիւնը, ինչպէս նաեւ` դէմքի տարօրինակ ծամածռութիւններն ու արտայայտութիւնները: Նման ինքնանկարներու մէջ ան ինքզինք պատկերած է քաոսային եւ խճճուած մազերով, ինչ որ հաւանաբար կը խորհրդանշէ բեղուն ստեղծագործականութիւնը:

Ապա կան 1630-ական եւ 1640-ական տարիներու ինքնանկարները, որոնց մէջ կը յայտնուի միջին տարիքի Ռամպրանթը` սուղ հանդերձանքով, մուշտակով եզերուած թաւշեայ թիկնոցներով: Նման ինքնանկարներու մէջ, որոնք հաւանաբար յատկանշուած են նուազ նորարարութեամբ` բաղդատած աւելի առաջ եւ աւելի ուշ իրագործուած նկարներու, Ռամպրանթ ինքզինք կը պատկերէ արժանապատիւ կեցուածքով` միաժամանակ ցոյց տալով բարեկեցիկ կեանքի թակարդները, խորհրդածելով Ամսթերտամի մէջ իր վայելած առեւտրական յաջողութեան մասին:

Ի վերջոյ, 7 տարուան բացէ մը ետք, երբ Ռամպրանթ դադրած էր ինքզինք գծելէ, անոր կեանքի ուշ ժամանակներուն, 1652-էն սկսեալ կը հանդիպինք շուրջ 15 ինքնանկարներու: Այլեւս չքացած են երբեմնի ոսկի շղթաները եւ փարթամ ասեղնագործութեամբ շապիկները, փոխարէնը` արուեստագէտը ինքզինք կը պատկերէ անտաշ պարզութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Արդի՞ւնքը. կը թուի, թէ պատկերները կ՛արտացոլեն թարմ եւ ուշագրաւ կերպով արդիական մօտեցում մը` ինքնախորհրդածութեան:

Ինքզինք Ծանուցելու Ձեւ Մը

Ռամպրանթի ինքնանկարը` գծուած 1655-ին:

Ռամպրանթի ինքնանկարը` գծուած 1655-ին:

«Ձեւով մը Ռամպրանթի ինքնանկարներն են, որոնք հռչակաւոր կը դարձնեն զինք, քան` անոր արուեստը,- կ՛ըսէ արուեստի պատմաբան Ճէյմս Հալ, որուն «Սելֆ փորթրեթ. է քալչըրըլ հիսթըրի» գիրքը լոյս տեսաւ այս տարի:- Ռամպրանթի կանուխ ժամանակներու ինքնանկարներուն տպագրութիւնները ուղարկուած են ամէնուրեք, հետեւաբար բոլորը ծանօթ էին անոր, նոյնիսկ եթէ Ռամպրանթէն ոչ մէկ այլ գործ տեսած էին: Իբրեւ անկախ եւ թագաւորներու ծառայութենէ հեռու արուեստագէտ` Ռամպրանթ պարտաւոր էր շատ աւելի մեծ ճիգ թափել` ինքզինք ծանօթացնելու համար: Ինքնանկար մը գծելը մտածել կու տայ, թէ արդէն հռչակաւոր ես, նոյնիսկ երբ անծանօթ ես»:

Ազգային պատկերասրահին մէջ Ռամպրանթի ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ գեղանկարիչէն 6 ինքնանկարներ: Ցուցահանդէսին պատասխանատու Պեթսի Վիզիմանի համաձայն, յանդուգն եւ մանրազնին ինքնաքննութիւնը եւ արկածախնդրական թեքնիքը անմոռանալի կը դարձնեն Ռամպրանթի ինքնանկարները:

«Երբ կը մտածես ինքնանկար մը ունենալու մասին, այսինքն` ոչ թէ բջիջային հեռաձայնով ինքնանկար մը առնելու, այլ` ներկով հիւսուածք մը ստեղծելու, պարտաւոր ես շատ մօտէն քննել եւ հասկնալ դէմքիդ բոլոր ուռուցքները, կոյտերը, կնճիռները, կախուած մասերը,- կը բացատրէ ան:- Ռամպրանթ կամեցողութիւնը ունէր այսքան մօտէն դիտելու եւ արձանագրելու իր բոլոր թերութիւնները: Այս անկեղծ մօտեցումը պարզապէս հիանալի է, նոյնպէս` այլազանութիւնը վրձնահարուածներուն, զորս տեւաբար յայտնագործած է` իր իւրայատուկ մօտեցումը կիրարկելու համար: Ան երբեմն լայն հարուածով «տոպրակ» մը կը ստեղծէ աչքին տակ, ապա արագ փոքր հարուածներով կախուած միսեր` ծնօտին շուրջ: Արտասովոր կերպով այլազան են անոր ի գործ դրած վրձնահարուածները, որոնք կեանք կու տան եւ մանրամասնութիւններով կը կենդանացնեն անոր դէմքը»:

Ցուցահանդէսին մաս կազմող ամէնէն ուշագրաւ գործերէն է Ռամպրանթի «Ինքնանկար` երկու շրջանակներով» նկարը, որ իրագործուած է շուրջ 1665-ին (փոխ առնուած է Քենվուտ հաուսէն): Ինքնանկարը կը պատկերէ Ռամպրանթը` ճերմակ բամպակէ գլխարկով, իրագործուած է արագ եւ ուժգին վրձնահարուածներով, կը պատկերէ վրձիններ, երանգապնակ մը, նկարիչի երանգապնակ մը բռնած գեղանկարիչը` եռոտանիին դիմաց կանգնած, գեղանկարին աջ ծայրամասին, որ կը թուի, թէ անաւարտ է: Կը թուի, թէ անոր դէմքը կը կրէ ճակատագիրին հարուածը. սնանկութիւն, կնոջ կանխահաս մահը, նախկին սիրուհիի մը կողմէ յարուցուած իրաւական անվերջ հետապնդում մը: Այսուհանդերձ, անոր նայուածքը կը մնայ ոչ խրոխտ, մինչ մարմնին մութ պատկերումը մտածել կու տայ ամուր եւ անխախտ ներկայութեան մը մասին:

«Ինքնանկար` երկու շրջանակներով»: Գծուած` 1665-1669-ին:

«Ինքնանկար` երկու շրջանակներով»: Գծուած` 1665-1669-ին:

«Քենվուտի ինքնանկարը Ռամպրանթի լաւագոյն ինքնանկարներէն է, հաւանաբար` լաւագոյն ինքնանկարը, որ երբեւիցէ նկարուած է,- կ՛ըսէ Հալ:- Գեղանկարին մէջ կանգնած Ռամպրանթ կարծէք մարտահրաւէր կ՛ուղղէ մեզի: Կը զգանք անոր վճռակամութիւնը: Կարելի չէ արագ անցնիլ անոր քովէն: Ինքնանկարը կը ցայտէ աշնանային նարնջագոյն եւ կարմիր երանգներով, կը թուի, թէ կը տարբաղադրուի: Ինքնանկարին չափը ինքնին տպաւորիչ է: Ամէնէն աւելի կը ցնցէ եւ հզօր ներգործութիւն ունի Ռամպրանթի արժանապատուութեան եւ ինքնաճանաչումի զգացողութիւնը»:

Անոր ետին, պատին վրայ կը յայտնուին երկու խորհրդաւոր շրջանակներու ոլորուն գիծերը: Ոչ ոք կրնայ բացատրել, թէ Ռամպրանթ ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզէր փոխանցել այս շրջանակներուն պատկերումով: Տարիներու ընթացքին անոնք ծնունդ տուած են տարբեր տեսութիւններու: Թերեւս երկու կիսագունդեր են, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի տիրական մէկ քարտեսը: Թերեւս թաքուն խորհրդանիշներ են:

Սակայն Վիզիման, որ ուսումնասիրած է շրջանակներուն տարբեր մեկնաբանութիւնները, կ՛ըսէ, թէ անոնք հաւանաբար կ՛ակնարկեն ֆլորանսցի գեղանկարիչ Ճիոթթոյի, որ ենթադրաբար կրնար կատարեալ բոլորակ մը գծել` առանց յենարանի, պարզապէս շարունակուող մէկ գիծ մը ոլորելով:

«Ռամպրանթ ամէն ճիգ ի գործ դրած է գերազանցելու համար Ճիոթթոն,- կը բացատրէ ան:- Ան գծած է ոչ միայն մէկ, այլ երկու շրջանակ: Հետեւաբար ան ցոյց կու տայ, թէ ինք նոյնիսկ Ճիոթթոյէն աւելի լաւ կրնայ գծել»:

Ճիոթթոյի հետ մրցելու Ռամպրանթի մղումը հիանալի է: Անոր յոխորտանքը չի նմանիր փքուռոյց եւ ամօթի սահմանները խախտող այսօրուան «սելֆի»-ներուն, այլ մտածել կու տայ, թէ նոյնիսկ մեծ արուեստագէտները զերծ չեն իրենք զիրենք ցուցադրելու մղումէն: Այսուհանդերձ, անցողակի «սելֆի»-ին եւ Ռամպրանթի հոյակապ ինքնանկարներուն միջեւ վիթխարի տարբերութիւն կայ: Ինչպէս Վիզիման կ՛ըսէ` «Ռամպրանթի ինքնանկարները անմոռանալի են ոչ միայն այն պատճառով, որ կը պատկերեն արուեստագէտը, այլ որովհետեւ Ռամպրանթ են: Այլ խօսքով, հրաշալի գեղանկարներ են»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )