«Ժամանակին Հայեր Կային» Խորագիրով Նախաձեռնութիւններ Թուրքիոյ Մէջ

«ԷՐՄԵՆԻՀԱՊԵՐ»

1203jamanaginԹուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ժամանակին հայեր կային» խորագիրով նախաձեռնութիւններու շարք մը:

Առաջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 9-ին, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ: Անոր ընթացքին, Մուրատ Պելկէ պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը` «Հայերը գրականութեան մէջ. Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն», իսկ պոլսահայ օփերայի երգիչ Արթուր Պաղտասարեան պիտի ներկայացնէ «Հայկական երաժշտութիւնը» գիրքը:

Ձեռնարկին համար Դիմատետրի կայքին վրայ բացուած էջով կը նշուի, որ 2015-ը առիթ մըն է պատմութեան հետ առերեսուելու համար: «Մենք, իբրեւ հակադրամատիրութիւն ուսանողներ, ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութեան զոհերը պիտի ոգեկոչենք Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Սակայն այս տարի միայն յիշատակելով չենք ուզեր բաւարարուիլ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES