Մեր Կովսականը

ՍԱԳՕ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Արցախի մէջ արդէն յաճախ տեղի ունեցող երեւոյթ մըն է. երիտասարդ տղամարդը 2 տարի բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ զինուորական ծառայութիւնը աւարտած, եւ անոր հարազատները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն զայն: Բայց այս անգամ ուրախութիւնը աւելի մեծ էր. 2 տարուան բացակայութենէ ետք, ԶՈՄ-ն էր, որ կը վերադառնար Կովսական քաղաքը:

Բերձորէն մինչեւ Կովսական տանող ճամբան բաւական յոգնեցուցիչ է: Մօտաւորապէս 4 ժամ տեւող այդ քարքարոտ ճամբուն վրայ կը սկսիս ինքնաշարժին հետ զգալ, հետը ցաւիլ: Այս ճամբան աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, երբ վարորդը քեզի սուրճ հրամցնէ: Բայց առանց այդ ճամբուն ալ, հոն հասնիլը նոյն համը պիտի չունենայ: Այդ յոգնութիւնը արգելք չեղաւ, որ հազիւ հասած` խանդավառութեամբ տեղաւորենք մեր պայուսակները, դասաւորենք դպրոցի դասարանները եւ անցնինք գործուղման ամէնէն հետաքրքրական բաժինին` քաղաքին եւ անոր բնակիչներու ծանօթացման:

Կովսական քաղաքը ԶՈՄ-ի կազմակերպած ճամբարներու աւանդական վայրը դարձած է: Այդ պատճառով բոլոր դէմքերը ծանօթ են: Հոն կը հանդիպիս այն աղջկան, որուն նկարը «Դէպի Երկիր»-ի գրքոյկի կողքին վրայ տեսած ես, այդ ընտանիքին, որուն մասին լսած ես ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզներուն մէջ եւ ներկայացումներուն ընթացքին: Ամբողջ տարուան ընթացքին կը լսէի «ընկեր Կարէն» անունը, եւ հիմա վերջապէս ան մտքիս մէջ կերպար մը ունի, բայց աւելի կարեւորը` անուշ ձայն մը: Կովսականի մէջ քէֆ մը չ՛անցնիր առանց ընկեր Կարէնին երգին եւ պարին:

Կովսականի մէջ կը բնակին բազմաթիւ սուրիահայեր, որոնք Սուրիոյ տագնապալի վիճակէն հեռանալով` իրենց նոր տունը ընտրած են Կովսականը: Արցախցիին հիւրընկալ ըլլալուն մասին լաւապէս ծանօթ էի արդէն, բայց սուրիահայինը նորութիւն էր ինծի համար: Նիկոլը իր տունը տրամադրեց, Տօնապետեան ընտանիքը գրեթէ ամէն օր ընդունեց մեզ, Հրաչը մեր սառնարանը վայրկեան մը պարապ չձգեց… Բոլորին ալ երախտապարտ ենք: Անոնցմէ սորվեցայ` ինչպէ՛ս մարդու հետ վարուիլ: Վստահ եմ, որ անոնք նոյն ձեւով պիտի ընդունին ոեւէ ԶՈՄ-ական մը յաջորդ տարիներուն:

Գործուղման ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, առիթը ունեցայ լաւապէս ծանօթանալու արցախցի երիտասարդին: Պարզուեցաւ, որ ան շատ նման է մեզի. բայց անոր մեզի նման ըլլալն ալ քիչ մը զարմանալի է: Շատ ուրախացայ, երբ օր մը Լիլիթը ըսաւ, որ կ՛ուզէ համակարգիչի ծրագրաւորում ուսանիլ: Թերեւս այս մէկը շատ պարզ բան կրնայ թուիլ, բայց Կովսականի պայմաններուն մէջ ապրողի մը համար ծրագրաւորում ուսանիլը բաւական մեծ երազ մըն է:

Առիթը ունեցայ նաեւ մօտէն դիտելու մայր մը, որ իր տղան կը ճամբէր զինուորութեան:

Երբ երիտասարդ մը ծառայութեան պիտի մեկնի, սովորութիւն է ոչ միայն անոր քէֆով ընդունիլ, այլ նաեւ քէֆով ճամբել: Նոյն ընտանիքին առաջին տղան տարիէ մը ի վեր կը ծառայէր եւ հիմա երկրորդը պիտի երթար զինուորութեան: Մենք ալ հրաւիրուած էինք անոր քէֆին: Բոլոր ներկաները բաւական պարեցին ու երգեցին: Տղուն մայրը սկսաւ կամաց կամաց յուզուիլ եւ արցունքներ երեւեցան աչքերուն մէջ:

«Մի՛ լար, Տիրուն», ըսաւ ամուսինը:

«Ինչպէ՞ս  չլամ-, ըսաւ Տիրունը,- եթէ տղաքս երկուքական տարիներ պիտի ծառայեն, ես պիտի ծառայեմ դաժան երեք տարիներ»:

Վերջապէս, քաջալերելի է, որ բոլոր ԶՈՄ-ականները մասնակցին «Դէպի Երկիր» գործուղումին: Այս գործուղումին ընթացքին նախ մօտէն պիտի ծանօթանանք արցախցիին, պիտի ապրինք հերոսական հողին վրայ եւ այդ կապը, որ պիտի ստեղծուի մեր եւ արցախցիին, Արցախի հողին, Արցախի երկինքին միջեւ, պիտի կերտէ մեր բնաւորութիւնը: Անպայման պէտք է ժամանակ գտնել եւ երթալ` նոյնիսկ կարճ շրջանի մը համար ապրելու հայրենիքի երիտասարդին ապրած առօրեան: Վերջ ի վերջոյ, Քաշաթաղը մեր տունն է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )