Բերձորի Լեռներուն Հետ

ԱՆԻ

Zavarian_PertsorԵրբ «Արցախ» լսեմ, աչքերուս առջեւ անմիջապէս կը գծուին Բերձորի լեռները, որոնցմով հմայուած մնացի: Անոնց մէջ անցուցի մօտ տասնվեց օր. արկածախնդրական, հաճելի տասնվեց օր:

Երբ «Արցախ» լսեմ, կը յիշեմ ընկեր Սամուէլին գիշերօթիկին մանուկները, որոնք փոշիներուն մէջ ֆութպոլ խաղալով կը գտնէին իրենց երջանկութիւնը:

Բերձորի մէջ պարզ էր կեանքը. չկային ժամանցի յատուկ վայրեր, լայնատարած խաղավայրեր ու ճաշարաններ, այլ` միայն երկու դպրոց, եկեղեցի մը, դրամատուն մը եւ հրապարակը` իր քանի մը սրճարաններով:

Բերձորի լեռներուն հետ հոգեկան հանգստութիւն մը կարելի է գտնել. անոնց գեղեցկութեան, անոնց անդորրութեան, անոնց հրաշքին առջեւ կարելի է վայելել կեանքը:

Այդտեղ բնութեան հետ հաշտ կ՛ապրին. լեռներու մէջէն փորուած ճամբաները, ծառերուն մէջ շինուած տուները արդէն կը փաստեն, որ հոն մարդն ու բնութիւնը կը մնան անբաժան. ըստ իս, այս է, որ հոգեկան հանգստութիւն կը շնորհէ հոն ապրողին, սակայն միաժամանակ ֆիզիքական վտանգ մը գոյութիւն ունի: Բերձորը իր ռազմավարական եւ քաղաքական կարեւոր դիրքով կը հանդիսանայ ազերիին առաջնահերթ թիրախներէն մէկը: Բերձորի խաղաղութեան մէջ պատերազմի վտանգը միշտ ներկայ է. արդէն Արցախ-Ազրպէյճան սահմանային բախումները բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն: Կամաւորներ, ըլլան Բերձորէն, թէ Արցախի միւս շրջաններէն կ՛ուղղուին դէպի սահման` պաշտպանելու իրենց հայրենիքը: Արդէն այդ պատճառով ալ, երբ Բերձորի մէջ քալէինք, կը նկատէինք, որ բնակիչներուն մեծ մասը երեխաներ էին, ծերեր կամ կիներ: Երիտասարդները բանակ գացած կ՛ըլլային:

Այս բոլորը մտածել կու տան Արցախ հաստատուելու մասին: Այդքան մեծ տարածքի վրայ այդքան քիչ բնակչութիւն գոյութիւն ունի… այս է ամէնէն մեծ վտանգը հողի մը պաշտպանութեան: Դժուար է հող մը պահել առանց բնակչութեան: Ուրեմն ամէնէն տրամաբանական լուծումներէն մէկը Արցախի բնակչութիւնը բազմացնելն է` այդտեղ հաստատուելով:

Բայց ինչպէ՞ս ապրիլ հոն…

Առնենք Բերձորի օրինակը. ինչպէ՞ս ապրիլ հոն, ուր օրերով ջուր կամ հաց չ՛ըլլար. հոն, ուր գրեթէ գործ չկայ: Ինչպէ՞ս սփիւռքահայը, որ ընդհանրապէս վարժ է քաղաքի կեանքին եւ լաւ պայմաններու,  պիտի մտածէ հաստատուիլ Բերձոր…

Այս յօդուածով պիտի չփորձեմ համոզել, որ սփիւռքահայը պէտք է զոհէ ամէն ինչ Արցախ հաստատուելու համար, որովհետեւ այդպիսի որոշում մը ամէն մարդ իր համոզմունքով կը կայացնէ: Սակայն կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ կեանքի մէջ կ՛արժէ գոնէ նուազագոյնը մէկ անգամ երթալ Արցախ, ապրիլ հայրենի հողին վրայ, ծանօթանալ այդտեղի բնակչութեան եւ տեսնել, թէ նիւթական օժանդակութիւնները ի՛նչ նպատակի կը ծառայեն…

Այսպիսով է, որ սփիւռք-Արցախ կապերը օրէ օրէ կը զօրանան: Այսպիսով է, որ կը հասկնանք Արցախի կարեւորութիւնը: Այսպիսով է, որ կը գիտնանք մեր հողերուն արժէքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )