Արեւմտահայաստանը` Հայկական Հարցի Լուծում
ՎԱՉԷ Վ. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Եւ Մենք Հասանք Արտահան…

Անիի միւս կողմը Հայաստան

Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ շրջակայքը
24 յուլիս 2014-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած «Դէպի Արեւմտահայաստան» երթին հետ առաջին անգամ ըլլալով մտայ Արեւմտեան Հայաստան:
Պատմական Հայաստան, գրաւուած հողեր, Սեւրի Հայաստան… Այս զանազան անուններով ճանչցուած հողատարածքը առասպելական վայր մը դարձած է հայ ժողովուրդին համար` ըլլալով հայ ազգին ծննդավայրը: Յաճախած ըլլալով հայկական վարժարան, ապա անդամակցելով Զաւարեան ուսանողական միութեան, Երկիրը միշտ եղած է այն անմատչելի վայրը, ուր կ՛ուզէի վերադառնալ, բայց այս ցանկութիւնը անիրականանալի կը թուէր: Երբ դէպի Արեւմտահայաստան երթալու առաջարկը ներկայացուեցաւ, բաւական տատամսելէ եւ նախապէս այս երթին մասնակցած ընկերներու հետ խօսելէ ետք էր միայն, որ որոշեցի մասնակցիլ այս ծրագիրին:
Մինչեւ 17-րդ դար Հայկական Բարձրաւանդակը եղած է գրեթէ ամբողջովին հայաբնակ: Ներկայիս այնտեղ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող քիւրտերը բնակութիւն սկսած են հաստատել միայն օսմանեան պետութեան քաջալերանքով, խրախուսմամբ եւ տեղւոյն հայերու իրաւունքներու ոտնահարմամբ: Օսմանեան տիրապետութեան ամբողջ տեւողութեան հայ ազգին պարտադրուած ծանր պայմանները, համիտեան հալածանքները, զանազան կոտորածները, 1915-1923 Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ, վերջապէս, քեմալական հանրապետութեան պարտադրած կրօնական եւ ազգային ծանր սեղմումները հայ ազգը դարձուցին եւ պահեցին թափառաշրջիկ եւ աշխարհասփիւռ` զրկուած իր ամբողջական մայր հայրենիքէն, ենթակայ ձուլման եւ անհետացման` ահաւասիկ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին: Այժմ հայ ազգը անտեսելով իր արմատէն` Արեւմտահայաստանէն զրկուած ըլլալու վտանգը, զրկուած այն վայրէն, ուրկէ ծնունդ առած են հայ ազգի ներկայ դիմագիծը ձեւաւորած ժողովուրդները, ինչպէս` Հայասայի, Ուրարտուի եւ Նայիրիի ժողովուրդները, օրէ օր կը կորսնցնէ իր ազգային առանձնայատկութիւնները, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգի հայ ազգի արեւմտեան թեւի ոչնչացման եւ Երիտասարդ Թուրքերու ծրագրի իրականացման: Ներկայիս հայ ազգը աւելի կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այս կամ այն «մեծ տէրութեան» կողմէ, քան ցեղասպանութեան ստեղծած վիճակի սրբագրումը` Հայաստանի արեւմտեան հատուածի վերադարձը կամ Հայաստանի պետականութեան քաղաքական եւ տնտեսական հզօրացումը, հայ ազգի համախմբումը եւ ապահովութեան հաստատումը նոյնինքն ներկայ եւ ապա միացեալ Հայաստանի հողին վրայ:
Վերոյիշեալ Հայկական հարցը Պերլինի վեհաժողովէն այսօր որեւէ վերջնական լուծումի չէ յանգած: Այս հարցը վերջնական լուծման կրնայ յանգիլ միայն անբողջ հայ ազգի համագործակցութեամբ: Հայ ազգի անբաժանելի մաս կը կազմեն այն զանգուածային թիւով հայերը, որոնք մինչեւ հիմա իսլամացած կամ թաքնուած կ՛ապրին Արեւմտահայաստանի տարածքին վրայ, ինչպէս` Տէրսիմի եւ Համշէնի հայութիւնը: Թուրք կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար փոխհատուցման գործընթացը կրնայ դիւրանալ եւ արագանալ, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէջ բարձրանայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն թիւը: Այդ քարոզարշաւը կարելի կը դառնայ միայն Թուրքիոյ ներքին տարրերու օգտագործմամբ, որովհետեւ որեւէ արտաքին քարոզարշաւ կրնայ խորթ եւ թշնամական թուիլ թուրք ժողովուրդին: Ընկերային ցանցերը եւ արտաքին հայկական քարոզչութիւնը առանձին` չեն կրնար ամբողջ Թուրքիան համոզել ընդունելու Ցեղասպանութեան իրողութեան փաստը, ահա իբրեւ ապացոյց ունենալով վերջին 50 տարիներու աշխատանքը, որ կրցած է արթնցնել միայն ափ մը թուրքեր: Այդ գործը կրնայ ամէնէն արդիւնաբեր կերպով կատարուիլ միայն ներքին` «թրքական» տարրերու օժանդակութեամբ: Այն տարրերը, որոնք կրնան ամենալաւ օժանդակութիւնը ցուցաբերել Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ ապրող հայերն են: Անոնք են, որոնք կրելով թրքական անուններ եւ ըլլալով Թուրքիոյ քաղաքացի (ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան` թուրք)` կրնան Թուրքիոյ մէջ տարածել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այդպիսով յառաջ տանելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք եղած աշխատանքը: Անոնք այս գործը յառաջ կրնան տանիլ միայն յարաբերութիւններ հաստատելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան հետ, որուն իբրեւ արդիւնք` անոնց մէջ դիւրութեամբ կ՛արթննայ ահա մօտ 100 տարիէ հալածանքի եւ ճնշման ենթարկուած հայկական ոգին, որ թերեւս քնացած է, բայց տակաւին չէ մեռած: Այդ յարաբերութիւնները կրնան հաստատուիլ, միայն երբ հայեր երթան ու այցելեն Արեւմտահայաստան եւ տարբեր ձեւերով յարաբերութիւններ հաստատեն անոնց հետ:
Արեւմտահայաստան այցելելով` հայ մը կը նորոգէ կապը իր արմատներուն հետ, ամրապնդելով իր հայկականութիւնը եւ հեռացնելով ձուլման վտանգը: Արեւմտահայաստանի կոթողները այցելելով է, որ կրնանք ունենալ անոնց ժամանակակից վիճակի պատկերացում եւ կանխել որեւէ փորձ թուրք կառավարութեան կողմէ քանդելու այդ կոթողները. եւ ընդհակառակը, այնտեղ այցելելով` կրնանք տեղի ժողովուրդին մէջ ցանկութիւնը արթնցնել վերանորոգելու կամ պահպանելու այդ կոթողները, անուղղակիօրէն հայկական պահելով Արեւմտահայաստանը: Արեւմտահայաստանի հայութեան այցելելով է, որ կրնանք անոնց մէջ կրկին արթնցնել եւ պահպանել Հայկական ոգին եւ խրախուսել Հայկական հարցի լուծման համար անոնց աշխատելու պատրաստակամութիւնը:
Անպայման պէտք է ազգովին յիշենք եւ վերյիշենք, որ Արեւմտահայաստանը, թէկուզ` ներկայիս ոչ հայկական, կորսուած չէ: Ան կը պահէ որոշ հայկական դիմագիծ եւ հայ բնակչութիւն, որ կրնայ մեծապէս օժանդակել Հայ դատի լուծման: Բոլորս նաեւ պէտք է անդրադառնանք, որ Արեւմտահայաստանով եւ անոր կորուստով սկսած հայկական հարցը կրնայ միայն լուծուիլ Արեւմտահայաստանի վերադարձով, Արտաշէս Ա.ի երազի իրականացմամբ` մէկ ազգ մէկ միացեալ հայրենիքի մէջ: