Արեւմտահայաստան Երթալու Ուղեցոյց

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Արեւմտահայաստան եզրին շուրջ գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, քան` Արեւմտահայաստանին ներկայ իրականութիւնը: Տարիներ շարունակ Արեւմտահայաստան հասկացողութեան բաղադրիչները կազմած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք անոր հայազուրկ ըլլալը, թրքական բռնատիրութեան տակ ըլլալուն պատճառով հոն երթալ մերժելը, ինչպէս նաեւ` հոն գացողները մերժելը, անշուշտ բաղադրիչներուն մաս կը կազմեն նաեւ այն աշխատանքները, որոնք կը հոսին հայապահպանման եւ հայակերտման ծովուն մէջ ու սփիւռքը կը պատրաստեն «երթալու» Արեւմտահայաստան` առանց իսկապէս երթալու:

Քանի մը տարիէ ի վեր եւ շնորհիւ Դաշնակցութեան` իր երիտասարդներուն տուած դիւրութեան, խումբ մը դաշնակցականներս կը մեկնինք Արեւմտահայաստան, իւրաքանչիւրս իր փնտռտուքներուն համար, ըլլայ ատիկա ուխտագնացութիւն, որոնում, ճանաչողական ուղեւորութիւն կամ այլ ձեւերու տակ կատարուած արեւմտահայաստանագնացութիւն: Բայց Արեւմտահայաստան երթալը վերոնշեալ ճամբորդութիւններու տեսակներէն անդին բան մըն է, ան ընթացք մըն է, որուն համար պէտք է պատրաստուիլ նախքան երթալ որոշելը:

Յաղթահարել «Ես»-ը

Արեւմտահայաստան երթալու համար նախ եւ առաջ հարկ է յաղթահարել մեր վրայ գերիշխող այն «ես»-ը, որ մէկ կողովի մէջ կը դնէ թրքական հետք ունեցող որեւէ բան` այս պարագային Արեւմտահայաստանին թրքական տիրապետութեան տակ ըլլալը: Այս «ես»-ը աւելի յստակ է Ցեղասպանութեան վերապրողներուն երկրորդ սերունդին մէջ, որ ականատես եղած է առաջին սերունդին հայրենաբաղձութեան եւ աքսորի անմիջական պատմութիւններ լսելով` շատ աւելի զգացած է անոնց արհաւիրքը, քան երրորդ կամ չորրորդ սերունդը: Լիբանանի մէջ այս գերիշխող «ես» ունեցող սերունդը ստիպուած եղած է կռուիլ հայութեան վտանգ հանդիսացող լիբանանեան պատերազմին ընթացքին ու նահատակ տուած է հայկական թաղերուն մէջ, ինչ որ պատճառ դարձած է անոնց մօտ հայապահպանման պայքարին մարմնացումին, քան` իմ սերնդակիցներուս մօտ: Ասկէ բացի, երկրորդ սերունդը ականատես եղած է թուրք դեսպաններու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններուն, Հայաստանի երկրորդ անկախացման ու Շուշիի ազատագրութեան: Այս բոլորը ամրապնդած է անոնց «ես»-ը եւ թրքական բռնատիրութեան տակ գտնուող Արեւմտահայաստան երթալը համազօր նկատած է անոնց անցագիրին մէջ թրքական կնիքի գոյութեան:

Նախքան Արեւմտահայաստան երթալը` պէտք է գիտնալ, որ Արեւմտահայաստանը թրքական կնիքէն աւելի գերակայ է եւ պէտք չէ արտօնել մելանի հետքերուն բռնատիրութիւնը եւ, հետեւաբար, Արեւմտահայաստանին հետ հաստատուելիք որեւէ կապ, քանի որ, որքան որ երկրորդ սերունդին մէջ ամրապնդուած ըլլայ Արեւմտահայաստանը, այդ իրականութիւնը ամբողջութեամբ անկարելի է տեսնել երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ:

Իսկ եթէ առանց յաղթահարելու մեր «ես»-ը` կ՛ուղղուինք դէպի ծննդավայր Երկիր, այդ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ եւ քանդիչ փորձառութիւն մը դառնալ, քան շինիչ, քանի որ մեզմէ պիտի խլէ հոն ըլլալու հաճոյքը: Այո՛, շատ հաճելի է Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլալ եւ մեր կոթողներն ու հողերը տեսնելը, ոչ թէ անոր համար, որ աւերուած են, այլ անոր համար, որ մինչեւ հիմա երեւակայած ու կերտած մեր կապը կը մարմնաւորուի, մեզի ուժ կը ներշնչէ, եւ առիթ կը ստեղծէ իւրաքանչիւր քայլափոխի հետ մեր հայկականութիւնը նորոգելու: Եթէ պատրաստ չըլլանք յաղթահարելու մեր «ես»-ը, Արեւմտահայաստանը պիտի մնայ ըղձագին Երկիր ու անգամ մը եւս բռնատիրութեան դատապարտուած պիտի ըլլանք մեր Արեւմտահայաստանը, այս անգամ մեր ձեռքով:

Փորձել Ընկալել Եւ Հասկնալ

Յաղթահարելէ ետք մեր «ես»-ը, Արեւմտահայաստան պէտք է երթանք պատրաստ ըլլալու` տեսնելու անոր կրած փոփոխութիւնները, որուն ընթացքին մենք կը փորձէինք սփիւռքի մէջ կազմաւորուիլ, հոն երթալու պատրաստուելու:

Արեւմտահայաստան երթալը կ՛ակնկալէ որոշ չափով համբերատարութիւն, քանի որ պղծուած պիտի տեսնենք ամէն բան, որ սուրբ էր. հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է գիտնանք Թուրքիոյ պետութեան հիմնադրութեան տարիները, որոնք առաւելաբար եւ ուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունին Արեւմտահայաստանի ներկայ կացութեան: Այս գիտութիւնը մեզի առիթ պիտի ընծայէ քննական աչքով մօտենալու կոթողներուն եւ հողին վրայ կատարուած փոփոխութիւններուն: Արեւմտահայաստան երթալը նաեւ ընկալումն է այդ հողատարածքին մէջ տեղի ունեցած  փոփոխութիւններուն ընթացքին: Անշուշտ կարեւոր է Անիի մայր տաճարին մէջ աղօթելը, բայց նաեւ կարեւոր է հասկնալ Անիի մայր տաճարին մէջ Տեվլեթ Պահչելիներուն նամազ կատարելուն պատճառը: Հարկ է բաց միտք ունենալ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վայրին շուրջ բնակող ցեղախումբերուն նկատմամբ, որպէսզի ըմբռնենք անոնց` մեզի խաչքար ծախել փորձելու կամ շինարարութեան մէջ գործածուած խաչքարներուն վայրերը ցոյց տալուն պատճառը: Զգո՛ւշ, չշփոթենք ընկալումը իրողութեան յանձնուելուն հետ: Կրնանք լակոտ անուանել զանոնք, բայց պէտք է մտածենք նաեւ պայքարի աւելի ազդու ձեւերու մասին: Երբ Համշէն երթանք, պէտք չունինք անոնց հայկական ինքնութեան մասին պնդումներ կատարելու, այլ նախընտրաբար ժամանակ անցընենք անոնց հետ խօսելով ու լեզուներուն մէջ զուգահեռներ գտնելով: Համշէնը գեղեցիկ է իր լեռներով, անպայման պէտք է դիտենք անոնց թէյի լեռներուն կախարդանքը:

Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է ժամանակ տրամադրենք նաեւ մեր շուրջը անձայն դիտելու` մեր հոգիներով, ու խորհրդածելու, քանի որ այն կարճ ժամանակը, որ մեզի պիտի տրուի հողին վրայ կանգնելու, աննախընթաց է ու անկրկնելի: Ժամանակ պէտք չէ վատնել տխրութեան մէջ, այլ` վերանորոգման ու հողին ուժին ընկալման: Միայն այս ձեւով պիտի կարենանք վերադառնալէ ետք հասկնալ մեր տանելիք աշխատանքին կշիռը:

Սահման Անցնիլ

Արեւմտահայաստան երթալու համար սահման պիտի կտրենք: Պէտք է պատրաստ ըլլանք կտրելու աւելի քան մէկ սահման: Անցնելէ ետք քարտեսային սահմանները, հարկ է կտրել նաեւ մեր ներքին սահմանները ու հոն դրոշմուած կնիքները: Նախընտրաբար, նախքան Արեւմտահայաստան երթալը, սորվի՛նք անոր լեզուն եւ այդ լեզուով հաղորդակցինք անոր ներկայի ժողովուրդին հետ: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի մեր միտքերուն մէջ հողատարածքը չմնայ ամայի վայրեր, քանի որ այդպէս չէ: Յանձնարարելի է պատրաստ ըլլալ մեզի մօտեցող տեղացիներուն մեր ըսելիքներուն մէջ: Պէտք է խուսափիլ կռիւէ, քանի որ բուն կռիւը այդ տեղացիներուն հետ հոն տեղի պիտի չունենայ:  Զինուած պէտք է ըլլալ միայն գիտելիքներով, որ թէեւ քաղաքական աշխարհի մէջ շատ մեծ ազդեցութիւն չի փաստեր, բայց անձնական կեանքի մէջ գերագոյն զէնքն է: Կարելի է նաեւ նախաձեռնել տեղացիներուն հետ հաղորդակցութիւն մշակելու եւ այդ պէտք է կատարել անոնց աչքերուն մէջ նայելով ու ժպիտով` պարզապէս փաստելու համար մեր յապաղած ներկայութիւնը: Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է անցնիլ նաեւ ժամանակային սահմանները, քանի որ այդ հողին տակը թաղուած է անցեալը, բայց անոր վրան կը քալէ ապագան:

Նախքան Արեւմտահայաստան երթալը պէտք է հասկնալ, որ Արեւմտահայաստանը միայն հարիւրամեակ չէ՛, միայն Թուրքիա չէ՛, միայն պահանջատիրութիւն կամ ուիլսընեան քարտես չէ՛, այլ ընթացք մըն է, որ ոեւէ հայ դուրս կը հանէ թուայնացած ամէնօրեայ հանգիստ կեանքէն ու պատճառ կը դառնայ նոր աչքով նայելու սփիւռքին եւ Հայաստանին:

Արեւմտահայաստանը մեր ծննդեան իրաւունքն է. թէ՛ վերադարձ է, թէ՛ երթալ է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )