Մեր Խօսքը

ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ երեք տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ ուխտագնացութիւն` դէպի Արեւմտահայաստան: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բնակող դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն մաս կազմող անհատներ առիթ կ՛ունենան շրջագայելու Արեւմտահայաստանի մէջ` անցնելով Կարսէն, Արտահանէն, Կարինէն, Համշէնէն: Այսպէս, դաշնակցական երիտասարդը առիթը կ՛ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու իր հայրենիքին: Ընդհանրապէս երիտասարդը Արեւմտահայաստանը կը ճանչնայ Ռուբէնի, Համաստեղի, Դաշտենցի նկարագրութիւններէն, ան իր մտքին մէջ ունի երեւակայական եւ կարօտաբաղձ երկրի մը տպաւորութիւնը: Այս այցելութեամբ այս պատկերացումը կ՛առարկայանայ, կը դառնայ աւելի յստակ ու ամբողջական: Ուրեմն վերոյիշեալ ուխտագնացութեան կարեւորութիւններէն մէկն է ծանօթացում մեր այնքան երազած երկրին: Այսպէս, մեր նպատակներէն` միացեալ Հայաստանի կերտումը կը դառնայ աւելի յստակ եւ դուրս կու գայ պարզապէս իր երազային պարունակէն:

Երկրորդ կարեւորութիւնը կը կայանայ այնտեղի ծպտեալ հայերուն հետ շփման մէջ: Այսպէս, դաշնակցական երիտասարդը կը գիտակցի, որ երկրի մէջ կ՛ապրի հայութիւն մը, որ պայմաններու բերմամբ իրմէ տարբեր է: Ուխտագնացը հայերէն կը խօսի այդտեղի իր հայրենակիցներուն հետ, կը լսէ անոնց հարազատ երգը, կը պարէ անոնց հետ հայկական պարը: Այսպէս, ան կը գիտակցի այս շրջաններուն մէջ աշխատանքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան: Արդարեւ, ան կը տեսնէ մեծ թիւով հայութիւն, որ պատրաստ է վերադառնալու իր  արմատներուն եւ ինքնութեան: Երիտասարդը կը զգայ, թէ ան պէտք է գտնէ այսպիսի այլ թաքուն հայեր, օգնէ անոնց, որպէսզի վերադառնան իրենց ինքնութեան, յարաբերութիւններ մշակէ անոնց հետ:

Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ մեր Դատի յաջորդ հանգրուանի կեդրոնը պիտի ըլլան Թուրքիան եւ Արեւմտահայաստանը: Նոյնպէս կը գիտակցինք, թէ Արեւմտահայաստանի մէջ թաքուն հայերու գոյութիւնը ի նպաստ մեր Դատին է, անոնց վերադարձը դէպի ինքնութիւն` կը նշանակէ Արեւմտահայաստանի մէջ մեծ թիւով հայերու գոյութիւնը: Գիտենք, թէ դժուար է մտածել ազատագրել հող մը, եթէ անոր վրայ չկայ բնակչութիւն: Արեւմտահայերու գոյութիւնը կրնայ առաջին հանգրուանը ըլլալ միացեալ Հայաստանի մը գոյութեան: Արեւմտահայերու գոյութիւնը առիթ կու տայ Հայաստանին եւ սփիւռքին անոնց հետ յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւններ մշակել յառաջիկայ տարիներուն, ասիկա ինքնաբերաբար կը նշանակէ` յարաբերութիւններ երկրին հետ: Ուրեմն մենք որպէս դաշնակցական երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն,  այս ուխտագնացութիւններուն կողքին, անհրաժեշտութիւնը կը զգանք այլ աշխատանքներ ալ տանիլ Արեւմտահայաստանի թաքուն հայերուն հետ, լուրջ յարաբերութիւններու մէջ մտնել անոնց հետ, առարկայականօրէն քայլ մը առնել մեր նպատակներու իրագործման համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )