Փեշմերկաներու Նոր Խումբ Մը Մուտք Կը Գործէ Արաբ Բունար
Փեշմերկաներէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ 150 փեշմերկաներէ բաղկացած ուժ մը Թուրքիոյ ճամբով մուտք գործած է Արաբ Բունար` փոխարինելու համար նոյնքան անդամներէ բաղկացած առաջին ուժը, որ կ՛օժանդակէր քաղաքը պաշարումէն փրկելու ջանքերուն:
Փեշմերկաներու աղբիւր մը, ակնարկելով նոյեմբերի սկիզբը Արաբ Բունար հասած 150 փեշմերկաներէ բաղկացած խումբին, յայտնած է. «Առաջին խումբին անդամները հեռացան Քոպանիէն եւ անոնք այժմ օդակայան կ՛ուղղուին»:
Ան աւելցուցած է, որ փեշմերկաներու երկրորդ խումբը Արաբ Բունար հասած է 2 դեկտեմբերի ուշ գիշերին:
«Փեշմերկա» քրտական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «անոնք, որոնք մահուան մարտահրաւէր կ՛ուղղեն»:
CATEGORIES Միջազգային

