«Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ռուսիան Մեկուսացնելու» Յայտարարած Է Քերրի

Ճոն Քերրի
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ ո՛չ ճակատումի կը ձգտի, ո՛չ ալ զայն մեկուսացնելու:
«Միացեալ Նահանգներ եւ այն երկիրները, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ գերիշխանութեան, չեն ձգտիր ճակատումի: Մենք այդպիսի մտադրութիւն չունինք` մեկուսացնել Ռուսիան իր գործողութիւններուն պատճառով», յայտարարած է Քերրի Պազըլի մէջ` ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Քերրի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ վստահ են, որ Ռուսիա «կրնայ վերականգնել փոխադարձ յարաբերութիւնները եւ վերականգնել վստահութիւնը իր նկատմամբ, եթէ ան վերականգնէ խաղաղութիւնը եւ միջոցներու ձեռնարկէ` Մինսքի արձանագրութիւնները կատարելու, Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ բռնութեան աջակցութիւնը կանխարգիլելու, զէնքը եւ զինեալները դուրս բերելու համար»: Ըստ անոր, ճակատումը «ոչ ոքի օգուտ կը բերէ»:
«Մեր պետութիւնները չափազանց շատ հասարակաց գործեր ունին, շատ հասարակաց խնդիրներ: Ատիկա ե՛ւ ահաբեկչութիւնն է, ե՛ւ հիւլէական ընդլայնումը, ե՛ւ համաճարակային հիւանդութիւնները, ե՛ւ կլիմայի փոփոխութիւնը», նշած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

