Ազհարի Խորհրդաժողովին Մասնակից Աւելի Քան 700 Հոգեւորականները Կը Յայտարարեն. «Քրիստոնեաներուն Վնաս Հասցնելը Կրօնի Ճիշդ Համարածէն Եւ Մարգարէին Հրամայածէն Շեղում Է»
Երէկ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դիմակայման Ազհարի միջազգային խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 120 երկիրներէ աւելի քան 700 իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ:
Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ «Բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք մեղք նկատուող բռնութիւնը օգտագործեցին, իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին»` շեշտելով, որ «քրիստոնեաներն ու այլ հաւատքի պատկանողները տեղահանելը դատապարտելի ոճիր մըն է»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ «քրիստոնեաներուն վնաս հասցնելը կրօնի ճիշդ համարածէն եւ մարգարէի հրամայածէն շեղում է»:
«Ժիհատը ինքնապաշտպանութիւնն է, եւ զայն յայտարարելը լիազօրութիւնը չէ որեւէ անհատի կամ խմբաւորումի, ինչ ալ ըլլայ անոր հանգամանքը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը հոգեւորականներուն կոչ ուղղեց Պահրէյնի, Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ յարանուանական «հրդեհները մարելու մէջ իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու»:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ «վերջ տալու Պաղեստինի մէջ սրբատեղիներու դէմ Բռնագրաւումին ոճիրներուն եւ զանոնք գործողները միջազգային քրէական ատեանին յանձնելու»:

