«Անձնագրիդ Մէջ Քրիստոնեայ Գրուած Է, Քեզմո՞վ Պիտի Զբաղինք»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ճեւատ Սինեթ

Ճեւատ Սինեթ

Համացանցի վրայ Ճեւատ Սինեթի ստորագրութեամբ հրատարակուած է վերի խորագրին ներքեւ հետեւեալ յօդուածը.

1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուեցան աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր: Այս ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ պարզապէս անոր համար, որ անոնց կրօնը, հաւատքը տարբեր էր եւ մերինները կ՛ուզէին ստեղծել միատեսակ ժողովուրդ մը: Այդ պատճառով է, որ այսօր իսկ, այժմու հանրապետութեան նախագահ Թայիփ Էրտողան, կը շարունակէ ըսել` «Մէկ լեզու, մէկ ազգ»: Շա՛տ լաւ, բայց հայու մը Թուրքիոյ մէջ ապրելու հաւանականութիւնը որքա՞ն է: Հայու մը Թուրքիոյ մէջ լինչի ենթարկուելու, նախատինքի առարկայ դառնալու, սպաննուելու, «կը ներէք հայ» բացատրութիւնը լսելու հաւանականութիւնը հարիւրէն 70-է: Քանի՞ հայ մնաց որ: Այդ ալ ուրիշ հարց մըն է: Մնացեալ հայերուն քանի՞ն ինքզինք որպէս հայ կը զգայ կամ որպէս հայ կը տեսնէ: Այս ալ վիճելի ուրիշ կէտ մըն է: Անշուշտ ասոնց քով կան տակաւին անոնք, որոնք իրենք զիրենք հայ-թուրք կը զգան: Այս ալ ուրիշ ողբերգութիւն մըն է:

Թուրքիոյ մէջ ասորիի մը ապրելու հաւանականութիւնը քանի՞ տոկոս է: Հարիւրէն 40-ը «ասորիներն ալ ո՞վ են» կ՛ըսէ, հարիւրէն 60-ը «ասորիները ի՞նչ հաւատք ունի» կը հարցնէ: Հարիւրէն 90-ը «կեաւուր է», «կրնայ սպաննուիլ» կ՛ըսէ եւ ձեռքէն եթէ գայ, կը սպաննէ: Բայց ողբերգական միւս կէտը հետեւեալն է, որովհետեւ հայն ալ ասորին ալ քիչ մնացին, անոնց սպաննուելու հաւանականութիւնն ալ պակսեցաւ: Մնացեալներն ալ արդէն կը ձուլուին-կ՛երթան: Որովհետեւ անոնց ձեռքէն ուրիշ բան չի գար:

Լա՛ւ, քիւրտի մը սպաննուելու հաւանականութիւնը Թուրքիոյ մէջ որքա՞ն է:

Հարիւրէն 90 է: Քիւրտի մը պարզապէս քրտերէն խօսելուն համար սպաննուելու հաւանականութիւնը հարիւրէն 99 է: Այդպէս պատահեցաւ Տիգրանակերտի մէջ պիսմիլցի Մահիր Չելիքին: Տասը երկվայրկեանի մէջ 15 հոգիի կողմէ լինչի ենթարկուելով` սպաննուեցաւ: Հանրային եւ պաշտօնական կազմակերպութիւններու մէջ, մանաւանդ արեւմտեան նահանգներէն ներս քրտերէն խօսողները գէշ աչքով կը դիտուին հարիւր տոկոսին կողմէ: Մինչդեռ շարունակ կ՛ըսենք, որ հարիւր տոկոս եղբայր ենք մենք: Որքան իրապաշտ խօսք է, չէ՞: Ալեւիի մը խտրականութեան ենթարկուելու հաւանականութիւնը դարձեալ 80 տոկոս է:

Պարզապէս ալեւի ըլլալուն համար խտրականութեան ենթարկուելու հաւանականութիւնը 80 տոկոս է: Ուրեմն որքան զարգացած երկիր ենք, չէ՞:

Քաղդէացիներ կային, նեստորականները կային, ասորիները կային: Եզիտիներ ալ կային: Մենք այդ բոլորը զերոյի իջեցուցինք: Բոլորը ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ենթարկուեցան: Զերոյի վերածուեցան: Այնպէս որ, այլեւս սպաննուելու հաւանականութեան մէջ չեն:

Ուշադրութի՛ւն, հիմա քրտական հարցին մէջ լուծման գործընթաց մը կու գայ: 91 տարուան ընթացքին որքան որ կրցան լուծում գտնել, այսօր ալ նոյնքան պիտի գտնեն: Մէկը պէտք է, որ այս աշխարհագրութեան մէջ բնաւ ապրած չըլլայ որպէսզի հաւատայ, որ իսկական լուծում մը պիտի գտնուի: Անգամ մը նայինք մինչեւ հանրապետութեան հիմնադրութիւնը Օսմանեան շրջանի պատմութեան: Մէկուկէս միլիոն հայ ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ենթարկուեցաւ: Այսինքն ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջուեցաւ: Ասորիներն ալ փոքրամասնութիւն դարձան: Այս ցեղասպանութիւնը միայն հայերուն գլխուն չեկաւ, ասորիներուն ալ եկաւ, եզիտիներուն, քաղդէացիներուն, ասորիներուն ալ եկաւ: Անդին մնացին ալեւիները եւ քիւրտերը, որոնք եւս հազար տեսակ սպանդի եւ տեղահանութեան ենթարկուեցան: Սուլթան Սելիմ քանի՞ հազար ալեւի սպաննեց: Քանի տեսակ ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն կամ աքսոր որ կայ, այս պետութիւնը զանոնք գործադրեց այս աշխարհագրութեան վրայ ապրող ժողովուրդներուն: Չէի ուզեր ձեր բերնին համը փախցնել, բայց ի՛նչ մեղք, որ մեր պետութիւնը եւ մեր ազգը ա՛յս է:

Այսպէս վերջացնենք այս յօդուածը: Հիմա ինչպէ՞ս վստահինք այս պետութեան: Ժողովուրդները սպաննելը ձրի է, ցեղասպանութիւն գործադրելը ձրի է, պետութիւնը եւ հաւաքականութիւնը զերոյի վերածելը ձրի է: Քաղաքացիներուն պետութեան կողմէ սպաննուիլը ձրի է: Այս որքա՜ն ձրիակեր հանրապետութիւն մըն է ասիկա:

Share this Article
CATEGORIES