«Միացեալ Նահանգներ Սխալ Կը Գործեն` Հայկական Գորգը Սպիտակ Տան Մէջ Ցուցադրելով»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1205Coolidge_Armenian_Orphan_RugԱ ՍԻՄՏԷՐ կազմակերպութիւնը (Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն), որ պարբերաբար յայտարարութիւններ կը հրատարակէ հայկական տեսակէտներուն դէմ, այս անգամ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ հայ որբուկներու կողմէ շինուած գորգին Սպիտակ տան մէջ ցուցադրուելուն: Ա ՍԻՄՏԷՐ-ի նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ պնդեց, որ Ամերիկա Հայաստանի կողքին չէր կանգներ, եթէ Հայաստան մահմետական երկիր մը եղած ըլլար: Կիւլպէյ յիշեցուց, որ հակառակ որ հայ հայրենակից մը Թուրքիոյ վարչապետի աւագ խորհրդատու ընտրուեցաւ, Հայաստան կը շարունակէ թշնամական կեցուածք ցուցաբերել Թուրքիոյ նկատմամբ:

Կիւլպէյ այս յայտարարութիւնը ըրաւ լրագրողներու հետ խօսելու ընթացքին: Ան ըսաւ, որ Հայկական հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը անկողմնակալ չէ: Ճիշդ հարիւրամեակի սեմին այսպիսի գորգի մը ցուցադրութիւնը ծայր աստիճան իմաստալից է: Հակառակ որ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Թայիփ Էրտողան կացութիւնը մեղմացնելու համար ցաւակցութիւն յայտնեց հայերու զոհերուն, հայերը կը շարունակեն գործադրել իրենց սուր քաղաքականութիւնը: Ասոր նպատակն է միջազգային գետնի վրայ Թուրքիոյ դէմ թշնամանք ստեղծել, ըսաւ ան:

Կիւլպէյի համաձայն Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան կը ջանայ նեղ կացութեան մէջ դնել` երեք գլխաւոր նիւթեր շահագործելով: Առաջինը քրտական հարցն է, Միացեալ Նահանգներ կը ջանայ պաշտօնականութիւն շահեցնել ՔԱԿ-ին ու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, երկրորդ հարցը Կիպրոսի խնդիրն է, իսկ երրորդն է Հայկական հարցը: Հայկական հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներ հիմա հայկական գորգը կը գործածէ որպէս թուրքերը նեղ կացութեան մատնելու գործօն:

«Ասիկա զգացումի շահագործում է,- ըսաւ Կիւլպէյ: – Այդ շրջանին աշխարհի ամէն կողմը որբ տղաք կային: Ամերիկա մեծ սխալ կը գործէ այդ գորգը ցուցադրելով: Ասիկա անկողմնակալ քաղաքականութիւն մը չէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES