Կարսի Պատմական Գերեզմանատունը Պահպանման Կարիք Ունի
«Հայ թերթ» կը հաղորդէ, որ Կարսի պատմական գերեզմանատունը, ուր հայեր եւ թուրքեր թաղուած են, աւերման վտանգի տակ կը գտնուի:
Ենթադրաբար 1890-ական թուականներուն հիմնադրուած գերեզմանատան մէջ, համաձայն տեղացիներու պնդումներուն, գերեզմաններու մէկ մասը հայկական է, իսկ միւսը` թրքական:
Ժամանակ մը այս գերեզմանատունն ալ Կարսի միւս գերեզմաններուն պէս պարսպապատուած էր ու կանաչապատուած: Սակայն տարածքի որոշ բնակիչներ այնտեղ արածած են իրենց անասունները, եւ իբրեւ հետեւանք վնասուած են թէ՛ ծառերը, թէ՛ պարիսպը:
Գերեզմանաքարերուն վրայ գրուած թուականներէն ալ ուշագրաւ փաստ մը ի յայտ կու գայ. այս գերեզմանատան մէջ յուղարկաւորուածներու մեծ մասը երիտասարդներ եղած են` 30 տարեկանէն փոքր:
CATEGORIES Հայ Դատ

