Լուրեր` Ճատրակի Աշխարհէն

1202_Chess---NewsՔաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցող Ճատրակի մրցաշարքին, որուն կը մասնակցին հայ մարզիկներ, կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան վերջին հանգրուանէն առաջ կրցած է հաւաքել առաւելագոյնը 8 կէտերէն 6 կէտ: Ան մէկ կէտով ետ կը մնայ մրցաշարքի պարագլուխի դիրքը գրաւող ռուս Վլատիմիր Քրամնիքէն: Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան կրցած են հաւաքել 5 կէտ, սակայն Գաբրիէլ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան հաւաքած են 4,5 կէտ:

Միւս կողմէ, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ աւարտած ճատրակի մրցաշարքին, հայազգի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան կրցաւ հաւաքել առաւելագոյնը 5 կէտերէն  2,5-ը եւ սպանացի կրանտմասթըր Միկել Իլեսկասին հետ բաժնեց 3-րդ եւ 4-րդ տեղերը: Լաւագոյն արդիւնքին կրցան հասնիլ երկու կրանտմասթըրներ` հունգարացի` Չափա Պալոք եւ չին Լի Չաօ, սակայն ընդհանուր ցուցանիշներով մրցաշարքի ախոյեան յայտարարուեցաւ Պալոք:

Share this Article
CATEGORIES