Ռուբէն Նազարէթեան. «Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Բարեկամական Խաղեր Պիտի Կատարէ Էսթոնիոյ Մէջ»
Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը արդէն սկսած է նախապատրաստուիլ 2015 թուականի յունուարին Շուէտի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան խաղերու զտումի հանգրուանին:
Այս նախապատրաստական շրջանին, ըստ Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի, 15-էն 20 դեկտեմբեր խումբը պիտի մեկնի Էսթոնիա, ուր 5 օրուան տեւողութեան մարզիկները պիտի կատարեն 3 բարեկամական մրցումներ:
Այդ 5 օրերուն ընթացքին խումբը 2 մրցումներ պիտի կատարէ Էսթոնիոյ ազգային հաւաքականին դէմ եւ նաեւ մէկ բարեկամական մրցում` Էսթոնիոյ ֆութսալի ախոյեան Թալին խումբին դէմ:
Նազարէթեան հաստատեց նաեւ, որ ներկայիս 20 խաղացողներ կը կատարն փորձեր, անոնցմէ միայն 14-ը պիտի ընտրուին մեկնելու համար Էսթոնիա:
CATEGORIES Մարզական