ԼՕԽ-ի Գործունէութենէն
ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը
11-13 յուլիս 2014-ին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան 55-րդ Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած Շրջանային վարչութիւնը, ատենապետութեամբ Թալին Գըլպաշեանի, լծուեցաւ իր երկամեայ գործունէութեան` ծրագրելով ու կազմակերպելով եւ հովանաւորելով ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծը:
9 հոկտեմբեր 2014-ին ԼՕԽ-ի նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` պարզելով յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց աշխատանքի ծրագիրը:
Նմանապէս, 28 հոկտեմբեր 2014-ին, ԼՕԽ¬ի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` անոր հետ արծարծելով գաղութը յուզող տնտեսական, կրթական, ընկերային, ինչպէս նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան հարցեր:
Այս տարի լիբանանահայ 11 պարմանուհիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան օժանդակութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մասնակցեցան ՀՕՄ-ի ճամբարին, Յունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցին մէջ: ՀՕՄ-ի 5 ամարանոցներէն մէկը նկատուող այս ճամբարը 25-րդ տարին ըլլալով, 9-27 յուլիս 2014-ին, հիւրընկալեց աւելի քան 100 պատանի-պարմանուհիներ` Աթէնքէն, Քոքինիայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն: ՀՕՄ-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգատարութիւնը վայելող սոյն ամարանոցը հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան նպաստող կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, ուր դաստիարակչական-զուարճանքի պահերով լեցուն երեք շաբթուան ծրագրի մը մէջ ներառուած էին նաեւ ծովու լոգանքի, պտոյտներու, դասախօսութիւններու, երգի ու պարի ուսուցման եւ ընկերային երեկոներու ժամեր:
ԼՕԽ-ը, յանձին Շրջ. վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանին, 18-21 սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք» 5-րդ համաժողովին, ուր քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, սուրիահայ համայնքին եւ առհասարակ հայութեան վերաբերող հիմնահարցեր:
Հոկտեմբեր 18-19, 2014-ին, ԼՕԽ-ը մասնակցեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած երկրորդ միջվարչական ժողովին, Լոնտոնի, «Նաւասարդեան» կեդրոնին մեջ: Ժողովին մասնակցեցան նաեւ ՀՕՄ-ի Լիբանանի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Սթոքհոլմի, Կիպրոսի միաւորներու վարչականներ եւ ՀՕՄ-ականներ: Սոյն ժողովին ԼՕԽ¬ը ներկայացուցին ԼՕԽ-ի ատենապետ Թալին Գըլպաշեան եւ փոխատենապետ Մարօ Սալխանեան, որոնք փոխանցելով ԼՕԽ-ի խօսքը` անդրադարձան կատարուած աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին:
20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ, երրորդ անգամ ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինին համագործակցութեամբ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութեան տրամադրած նպաստներու բաշխումը 350 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Լիբանան:
30 հոկտեմբեր 2014-ին Արցախի «Մենք եւ մեր սարերը» երգի համոյթը այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն: Խումբին անդամները տեղեկութիւններ ստացան ԼՕխ-ի գործունէութեան մասին, ապա շրջելով կեդրոնին մէջ` ծանօթացան կեդրոնի աշխատանքներուն եւ սպասարկութիւններուն:
ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Գրադարան
Հայ աշակերտի կազմաւորման եւ դպրոցին մէջ ստացած գիտելիքներու ամրապնդման համար 1995-ին հիմնուած «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը բաց է ամէն օր առանց ընդմիջումի, ամառ թէ ձմեռ, մանուկներու եւ պատանիներու համար: 30 յունիս 2014-ին գրադարանը իր դռները վերստին բացաւ` հիւրընկալելով քառասուն փոքրիկներ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը մասնակցին գրադարանի ամառնային դասընթացքներուն: Գրադարանի ծրագիրը, ընթերցանութեան կողքին, կ՛ընդգրկէ նաեւ` խաղեր, համակարգիչի գործածութիւն, գծագրութիւն, ներկ, ձեռային աշխատանք, պտոյտներ, զարգացման մրցում եւ այլն: Այս ծիրին մէջ, 16 յուլիս 2014-ին, պտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Աննայայի Ս. Շարպելի վանքը: Գրադարանը իր ամառնային շրջանը աւարտեց պտոյտով մը` դէպի «Մաք Տոնալծ» ճաշարան:
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբը, 27 նոյեմբեր 2014-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի ապակեայ սրահին մէջ բացումը կատարեց հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին` նախագահութեամբ Իզապէլ Տեքերմենճեանի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Սօսէ Պոյաճեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւս այս առթիւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Այս առթիւ խօսք առաւ նաեւ հիւսիսային Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Դաստիարակչական Յանձնախումբ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. դաստիարակչական յանձնախումբին, 13 հոկտեմբեր 2014-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին մրցանակի դափնեկիր, Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը ներկայացուց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան, որ շեշտեց, թէ ընդհանրապէս պատերազմի, պատերազմական դաժան գործողութիւններու եւ անորոշ դէպքերով լի առօրեային հիմնական տուժողն ու անոնց հիմնական զոհը կը դառնան մանուկները:
Նմանապէս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, յանձնախումբը ծրագրած է հայ աշակերտութեան ծանօթացնել մեր ազգային կառոյցները: Այս ծիրին մէջ 10 նոյեմբեր 2014-ին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները, այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն: Անոնց բաժնուեցան ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ծննդոցը ներկայացնող թերթիկներ: Նմանապէս, 17 նոյեմբեր 2014-ին Եղիշէ Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները, 18 նոյեմբեր 2014-ին` Հայ աւետարանական Բարձրագոյն քոլեճի աշակերտները, իսկ 24 նոյեմբեր 2014-ին` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի եւ 1 դեկտեմբեր 2014-ին, Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու կեդրոնի բաժանմունքներուն, Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:
ԼՕԽ-ի Շրջանային Առողջապահական Յանձնախումբ
ԼՕԽ-ի Շրջ. առողջապահական յանձնախումբը շաբաթական հերթականութեամբ կը կազմակերպէ ընկերային, առողջապահական եւ առնչակից նիւթերով դասախօսութիւններ: Այս հանգրուանին յանձնախումբը, արդէն իսկ լծուած մեղուաջան գործունէութեան, վերսկսած է կազմակերպել նշեալ նիւթերով շարք մը դասախօսութիւններ, ինչպէս` գերզգայնութեան, գլխաւոր պատճառները, շաքարախտաւորին առողջապահական հարցերը, ոտքի երակներու հիւանդութիւններ, ապականած ջուրի պատճառած հիւանդութիւնները, կաթուածներու տեսակներն ու հետեւանքները, կենսանիւթերու հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը, մարդկութիւնը տագնապեցնող հիւանդութիւններ եւ այլն:
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»
Ընկերաբժշկական Կեդրոն
«Մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր գործող այս կեդրոնը կը շարունակէ իր խնամատարական ու դարմանումի ծառայութիւնները` բալասան դառնալով Նոր Սիսի, Արագածի ու մերձակայ շրջաններու հայ թէ ոչ հայ բնակչութեան համար: Կեդրոնի տնօրէն Մէյրի Չոլոյեան եւ գործակից տնօրէն Վերժին Խուրշիտեան` օգնական ընկերային ծառայողներու եւ բժշկական մասնագէտներու անձնակազմին ու կամաւորներուն հետ կը շարունակեն իրենց ընկերային ու առողջապահական ծառայութիւններով ընդառաջել շրջանի բնակչութեան առողջապահական կարիքներուն: Հայ թէ օտար հեղինակաւոր մարմիններու գնահատանքին արժանացած ու պարգեւատրուած այս կեդրոնը կը շարունակէ նոյն ոգիով շարունակել իր առաքելութիւնը` միշտ քայլ պահելով առնչակից մարզերու նորանոր զարգացումներուն: Կեդրոնը նաեւ կը գործակցի ԼՕԽ-ի Շրջ. առողջապահական յանձնախումբին` «Թնճուկեան» սրահին մէջ հիւրընկալելով շաբաթական հերթականութեամբ կազմակերպուող դասախօսութիւնները:
Մասնաճիւղեր
ԼՕԽ-Ի Շրջ. վարչութեան ընտրութեան յաջորդած մասնաճիւղերու վարչական նորընտիր կազմերը արդէն իսկ մշակած ու սկսած են իրենց տարեկան ծրագիրներու գործադրութեան: ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան հովանաւորութեամբ կիրարկուող այդ ծրագիրները կ՛ընդգրկեն` դասախօսութիւններ, ընկերային հանդիպումներ, պտոյտներ, ազգային կառոյցներու այցելութիւն, դասախօսութիւն, սեմինար, օրացոյցի վաճառք, ցուցահանդէս-տօնավաճառի (պազար) կազմակերպում, ծերերու, կարիքաւոր ընկերային պարագաներու նիւթական հոգածութիւն, կարիքաւոր աշակերտներու կրթանպաստի մատուցում եւ այլն:
Այս ծիրին մէջ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» (Այնճար) մասնաճիւղը, 12 սեպտեմբեր 2014-ին կազմակերպեց Մուսա Լերան տոհմիկ երեկոյ` ներկայութեամբ աւելի քան հազար հայրենակիցներու: Նմանապէս, 8 նոյեմբեր 2014-ին տեղի ունեցաւ թէյասեղան` յատուկ Այնճարի տարեցներուն համար, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին: Իսկ 18 նոյեմբեր 2014-ին, մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը` «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 80-է աւելի ԼՕԽ-ուհիներու եւ համակիրներու: Ատենապետ Նայիրի Քենտիրճեանի բացման խօսքէն ետք բժշկուհի Սիւզան Հաշեմ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց շաքարախտի վտանգները եւ նախազգուշական քայլերը:
ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» (Նոր-Սիս) մասնաճիւղը 4 նոյեմբեր 2014-ին կազմակերպեց «Աշնանային ձեռնարկ»-ը` համանուն ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահէն ներս: Այս առթիւ երաժշտագէտ, երգեհոնահար Սեդօ Պաղտասարեան հայկական երաժշտութեամբ խանդավառեց մթնոլորտը` բարձրացնելով ներկաներուն տրամադրութիւնը:
ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» (Զալքա) մասնաճիւղի վարչութիւնը 11 սեպտեմբեր 2014-ին նախաձեռնեց իր առաջին ձեռնարկին` նախաճաշ-հաւաքով մը, ակումբի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ: Իսկ 13 նոյեմբեր 2014-ին, վարչութիւնը կազմակերպեց իր ընկերային ձեռնարկը «Խան Էլ Ուարտ» ճաշարանին մէջ, Զալքա: Ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի մարդասիրական ծաւալուն գործունէութիւնը բոլոր բնագաւառներու մէջ: Այս առթիւ Մարլեն Տանակէօզեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանշան` «Անմոռուկ ծաղիկ»-ի թերթիկներուն խորհրդանշական իմաստը:
ԼՕԽ-ի «Անահիտ» (Հանքաշ) մասնաճիւղի վարչութիւնը 28 հոկտեմբեր 2014-ին ՀՅԴ «Մար Եուսեֆ» ակումբի «Սարգիս Արշալոյս Ներսէսեան» սրահին մէջ կազմակերպեց նախաճաշի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ 55 ներկաներու: Ատենապետուհի Աստղիկ Կիտիկեանի բացման խօսքէն ետք Սիրուն Վարդապետեան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան` կոչ ուղղելով անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն, ապա մանրամասնօրէն խօսեցաւ կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու տեսակներուն եւ կարեւորութեան մասին:
ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Նահր Մոթ) նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 23 հոկտեմբեր 2014-ին, Ժտէյտէյի հանրապարտէզին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին, յանձնախումբերու եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու: Ատենապետին ողջոյնի խօսքէն ետք Հուրի Էմմիեան խօսեցաւ կենցաղավարութեան մասին, իսկ Ալիս Իփրաճեան հայկական սիրուած երգերով հոգեպարար մթնոլորտ ստեղծեց:
ԼՕԽ-ի «Արազ» (Պաուշրիէի) մասնաճիւղի տարեկան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 հոկտեմբեր 2014-ին, «Սօսի Մարտիկեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին եւ 45 ԼՕԽ-ուհիներու եւ բարեկամուհիներու: Ատենապետ Լենա Արամի բարի գալուստի խօսքէն ետք Շաքէ Պարմաքսզեան խօսեցաւ արեան տարրալուծարանային քննութիւններու անհրաժեշտութեան մասին:
ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Մար Մըխայէլ) մասնաճիւղը, 16 հոկտեմբեր 2014-ին կազմակերպեց ներքին ձեռնարկ մը` ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութենէն ներկայացուցիչներ, քոյր մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներ, շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ: Ատենապետին բացման խօսքէն ետք Մարիա Թէքէեան հակիրճ եւ շինիչ ձեւով բացատրեց սննդականոնի մասին կարգ մը գիտելիքներ:
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Նոր Ամանոս) վարչութիւնը իր նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը սկսաւ 19 սեպտեմբեր 2014-ին` կազմակերպելով պտոյտ մը դէպի Պաթրունի ծովեզերեայ գեղեցիկ չորս եկեղեցիները` Մար Ստֆան, Մար Ճրճոս, Սայիտաթ ալ Սահա, Ալպահր Աճայիպիէ եւ մօտակայ Տումա գիւղը` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ականներ, համակիրներու եւ հրաւիրեալներու, թիւով` 83 հոգի: Այս առթիւ ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալական խօսք ուղղելով անոնց մշտական քաջալերանքին եւ աջակցութեան համար:
ԼՕԽ-ի «Հռիփսիմէ Սասունի» (Ֆանար) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 24 հոկտեմբեր 2014-ին, համանուն ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչին, հրաւիրեալներու եւ 90 ԼՕԽ-ուհիներու: Ատենապետ Ալին Քէշիշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Մարլէն Տանակէօզեան լայն բացատրութիւն տուաւ ծաղիկներու խնամքին մասին: Այս առթիւ Մհեր Զաքարեան հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» (Ռաուտա) մասնաճիւղի վարչութիւնը 19 նոյեմբեր 2014-ին, կազմակերպեց նախաճաշի ձեռնարկ մը «Շուշի» ակումբի սրահին մէջ: Ատենապետ Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար: Ձեռնարկը ընթացաւ հայկական երաժշտութեան խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
ԼՕԽ-ի «Նայիրի» (Անթիլիաս, Ծաղկաձոր-Մզհեր, Նաքքաշ, Տպպայէ) մասնաճիւղի վարչութիւնը 3 նոյեմբեր 2014-ին կազմակերպեց ընկերային իր երկրորդ հանդիպումը, «Նիկոլ Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրէն ներս, ներկայութեամբ 90 ընկերուհիներու: Ատենապետ Շաքէ Գարայեան իր բարի գալուստի խօսքով անդրադարձաւ ԼՕԽ-ականներու կամաւոր ծառայութեան` շեշտելով, որ անոնց գործն է, որ կը խօսի: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ դերասան, բեմադրիչ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեան, որ հայերէն եւ օտար երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
ԼՕԽ-ի «Սօսէ» (Ժիպէյլ) մասնաճիւղի վարչութեան հայապահպանման աշխատանքներու ծիրին մէջ կազմակերպած ընկերային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 27 նոյեմբեր 2014-ին, շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ: Ատենապետ Լուսին Պեզճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Այս առթիւ ներկաներուն բաժնուեցաւ ՀՕՄ-ի 100-ամեայ յուշամատեան-գիրքը, «Հայ Սիրտ» ամսագիրը եւ ԼՕԽ-ի 2015-ի օրացոյցը, որ գնահատանքի արժանացաւ ընկերուհիներուն կողմէ:
ԼՕԽ-ի «Կարս» (Էշրեֆիէ) մասնաճիւղը 30 հոկտեմբեր 2014-ին կազմակերպեց իր ընկերային ձեռնարկը, շրջանի ՀՅԴ «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ 80 ընկերուհիներու: Ատենապետ Սեդա Վարժապետեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք սննդագէտ Անի Տեքերմենճեան խօսեցաւ մեր մարմնին համար անհրաժեշտ սնունդներու ընտրութեան մասին:

