Հայաստանի Մէջ Ռումանիոյ Դեսպանը Տուն Կանչուեցաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Անարգալից Յայտարարութիւններու Պատճառով

1205_Sorin VasileՌումանական լրատուամիջոցները կը հաստատեն այն տեղեկութիւնը, որ Հայաստանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Սորին Վասիլէն կանչուած է Պուքրէշ` բացատրութիւններ տալու համար: Դեսպանը ետ կանչելու պատճառը իր կողմէ  Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կատարուած անարգալից եւ կողմնակալ յայտարարութիւններն են, որոնք բացայայտ հակասեմական բնոյթ կրած են:

Թէեւ դեսպանը Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջով` ուշացումով հայ ժողովուրդէն հրապարակային ներողութիւն պարունակող պարզաբանում հրապարակած է` դիւանագիտական այս գայթակղութիւնը նոր զարգացում ստացաւ:

Ինչպէս կը հաղորդէ ռումանական «Աճերփրես» ազգային պետական գործակալութիւնը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ յայտարարութեամբ «խստօրէն դատապարտած եւ քննադատած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այդ երկրի դեսպան Սորին Վասիլէի հակասեմական եւ  այլատեաց յայտարարութիւնները, ան շուտով կանչուած է Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` բացատրութիւններ տալու համար:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ հրահանգած է դեսպանին հրապարակային ներողութիւն խնդրել եւ ընդգծած, որ խստօրէն կը դատապարտէ «որեւէ վարքագիծ կամ արտայայտութիւն, որ կը նպաստէ  անհանդուրժողականութեան ու կարծրատիպերու տարածման»:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի հանդուրժեր եւ պիտի չհանդուրժէ  ռումանական դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին` անկախ անոր զբաղեցուցած պաշտօնէն, վարքագիծի եւ հռետորաբանութեան որեւէ շեղում, որ կրնայ յանգեցնել արդի միջազգային յարաբերութիւններու, Ռումանիոյ եւ այլ երկիրներու միջեւ  երկկողմ յարաբերութիւններու արժէքներու, կանոններու եւ հիմնարար սկզբունքներու ոտնահարման կամ` այն որ կը խեղաթիւրէ Ռումանիոյ պետութեան դիրքորոշումը միջազգային խնդիրներուն նկատմամբ», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը մէջբերած է ռումանական «Ատեւարուլ» պարբերականը:

Ռումանիոյ Հակասեմականութեան դէմ պայքարի եւ դիտարկումի կեդրոնը կոչով մը դիմած է Ռումանիոյ նախագահին` արագ կարգով ձեռնարկելու քայլերու Հայաստանի մէջ  Ռումանիոյ դեսպան Սորին Վասիլէի «հակասեմական եւ հոմոֆոպ» որակուած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES