Թրքական Օրաթերթի` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» Ձեւակերպումը Զայրացուցած Է Ազրպէյճանցիները
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը երէկ ազրպէյճանցիներու զայրոյթին պատճառ դարձած էր:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նիւթերէն մէկուն մէջ օրաթերթը խօսած է Ղարաբաղի մասին եւ զայն անուանած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն», ինչ որ Ազրպէյճանի մէջ բուռն զայրոյթի պատճառ դարձած է, իսկ նիւթին տակ օրաթերթին նկատողութիւն կատարած են ընթերցողները:
Երէկ օրաթերթը արդէն «շտկած է սխալը» եւ Արցախի մասին պատմող մասը հանած է կայքէն:
CATEGORIES Հայկական