ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԵՒ ՕՀԱՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՕԹԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պելճիքա պիտի մեկնին, վաղը Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի 28+1 ձեւաչափով նիստին մասնակցելու համար:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութիւնը եւ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի կատարման ընթացքը:
CATEGORIES Հայկական