ՓՈԹՈՐԿՈՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՍԱՆԱՀԻՆԻ ՎԱՆՔԻ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին հայրենի հասարակական կեանքը փոթորկեցաւ Սանահինի վանքին իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւններու եւ գրաւոր թէ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու մէջ այս հարցով Ս. Էջմիածինի հասցէին կատարած քննադատութիւններու պատճառով:

Հայկական յուշարձանները ուսումնասիրող կազմակերպութեան նախագահ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան Report.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 5 տարի առաջ ինք եւ ճարտարապետ Արմէն Հախնազարեան առիթ ունեցած են հանդիպում ունենալու: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ըսած է, որ տարին յաջող էր իրեն համար, կարելի եղած է 6-7 միլիոն տոլարի շինարարութիւն ընել եւ 84 կառոյցներ շինել: Հախնազարեանն ալ դիմելով վեհափառին ըսած է, որ հասկնալի է, թէ նոր եկեղեցիներու անհրաժեշտութիւն կայ եւ պէտք է կառուցել, բայց կը խնդրուի չանտեսել հայկական հին, միջնադարեան կառոյցները` օրինակ բերելով Սանահինը: Ըստ Ս. Կարապետեանի, պատասխանելով Հախնազարեանին, վեհափառը ձեռքը օդին մէջ բարձրացուցած է եւ յայտնած հետեւեալը. «Ես այդ սարերուն վրայ եղած վանքերուն հետ գործ չունիմ»: Այնուհետեւ մատները ծալելով շարունակած է. «Ես չեմ ձգեր, որ Գեղարդի վրայէն մէկ քար իյնայ, չեմ ձգեր, որ Խոր Վիրապին վրայէն մէկ քար իյնայ»:

Անդրադառնալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի այդ պատասխանին` «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար նշուած է հետեւեալը. «Իրապէս կաթողիկոսը ի՞նչ գործ ունի սարերուն վրայ հազարամեայ պատմութիւն ունեցող, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ իբրեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւն ճանչցուած եկեղեցիներուն հետ: Ան գործ ունի միայն Երեւանի կեդրոնին մէջ կառուցուող իր ապագայ նստավայրին հետ: Եւ թող եկեղեցւոյ սպասաւորները այլեւս չզարմանան հանրութեան մէջ իրենց առաջնորդին վարկանիշի խայտառակ ցած ըլլալուն հանգամանքէն, ինչպէս նաեւ թող այլեւս երբեք չբողոքեն աղանդներէն, քանի որ իրենք պարարտ հող ստեղծած են անոնց ծաղկման համար: Սանահինի փրկութեան մասին հարցումին պատասխանը ատոր վառ ապացոյցն է»:

Այս լուրի տարածումէն քանի մը օր ետք Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Սանահինի վանական համալիրը պիտի վերանորոգուի գերմանացի մասնագէտներու կողմէ:

Սեպտեմբերին գերմանացի մասնագէտներուն կողմէ ներկայացուած հնագիտական հետազօտութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի կազմուին վանական համալիրի նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերը, որոնք պիտի լուծեն յուշարձանին վտանգուած հատուածներու խնդիրները: Նախագիծին թեքնիք առաջադրանքով նախատեսուած է նաեւ ֆիզիքաքիմիական ձեւով լուծում տալ բոյսերու աճումին հարցին: Այդ աշխատանքներուն կատարման համար 2011-ի պիւտճէով նախատեսուած է 6 միլիոն դրամ, իսկ 2012-2014 թուականներուն` յուշարձանի վերականգնման աշխատանքներուն համար նախատեսուած է 90 միլիոն դրամ:

Նշենք, որ «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը վերջերս կը մեղադրէր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը` Սանահինի անմխիթար վիճակին համար: Սանահինի վանական համալիրի այսպիսի ողբերգական վիճակը «Չենք լռելու» նախաձեռնութիւնը կը նկատէ բոլորին խայտառակութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ կարելի է եզրակացնել, որ հայերը չեն յարգեր նոյնիսկ իրենց կրօնի եւ մշակոյթի` համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ճանչցուած օճախները: Իսկ 16 յուլիսին նախաձեռնութիւնը լրագրողները հրաւիրած էր այցելելու Սանահինի համալիր` հոն ականատես ըլլալու եկեղեցւոյ պարզած անմխիթար վիճակին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս «Հայլուր»ի կիրակնօրեայ թողարկումին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին  անհիմն եւ անարդար նկատեց եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած մեղադրանքները: Ան նշեց, որ մեղադրանքները, որոնք այսօր որոշակի միտումնաւորութեամբ կը ներկայացուին եկեղեցւոյ, պիտի անդրադառնան եւ տեսնեն, որ այդ բոլորը զուրկ են հիմքէ եւ արդար չեն, որովհետեւ եկեղեցւոյ դէմ հարուածները կը հետապնդեն մէկ նպատակ` տկարացնել ազգի հոգեւոր միասնականութիւնը:

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ շուրջ վերջին շրջանին բարձրացած աղմուկին` վեհափառը նշեց, որ եկեղեցւոյ հզօրութիւնը ժողովուրդի հզօր հաւատքն է, անոր ուժեղ հոգեւոր կեանքը, եւ անկախ այն փաստէն, որ որոշ անձեր ինչպէ՛ս կը վերաբերին եկեղեցւոյ նկատմամբ, եկեղեցին պարտաւոր է անոնց նկատմամբ սէր եւ ներողամտութիւն դրսեւորելու, անոնց ճիշդ ճամբով առաջնորդելու:

«Մենք թերեւս նաեւ թերացում ունինք իբրեւ եկեղեցի, որ միարժէքօրէն չենք ներկայացներ այն աշխատանքը, այն գործունէութիւնը, այն ծրագիրները, նաեւ այն խնդիրները, այն դժուարութիւնները, զորս մենք կը դիմագրաւենք: Եկեղեցին այդ առումով լայն քարոզչութեամբ չէ զբաղած: Եկեղեցին կը փորձէ իր առաքելութիւնը իրականացնել, մեր ժողովուրդի զաւակները կրթել եւ դաստիարակել մեր հայրերու սուրբ հաւատքով, Քրիստոսի Աւետարանի պատուիրաններով եւ պատգամներով, անոնց մատուցել Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը, Սուրբ Գիրքը», յայտարարեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:

Վեհափառը յոյս յայտնեց, որ բոլոր այսպիսի չար մտածումները եւ այսպիսի նենգ գործերը պիտի տապալին:

 

Share this Article
CATEGORIES