Թուային Ժամանակներու Մէջ. Երեք Տարաչափութեամբ (3 Տի.) Բովանդակութիւնները` Վնասակար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

_78802702_children3dԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՆՇԷ, ԹԷ ՊԷՏՔ ՉԷ 6 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԹՈՅԼ ՏԱԼ, ՈՐ ՀԱՍՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ ՆԻՒԹԵՐՈՒ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՔ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ ԱՉՔԵՐՈՒՆ: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ:

Ուտեստեղէնի, միջավայրի եւ գործատեղիի մէջ առողջապահութեան եւ ապահովութեան կազմակերպութեան համաձայն, ոչ միայն 6 տարեկանէն վար մանուկներ պէտք չէ դիտեն 3 տարաչափութեամբ նիւթեր, այլ նաեւ մինչեւ 13 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար «չափաւոր» պէտք է ըլլայ անոնց հասողութիւնը:

Յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ուսումնասիրութեան մը, որ ի յայտ բերած է, թէ 3 տարաչափութեամբ պատկերները ժխտական ներգործութիւն կ՛ունենան կազմաւորուող աչքին վրայ:

Սակաւաթիւ երկիրներ ցուցմունքներ որդեգրած են 3 տարաչափութեամբ պատկերներու հասողութեան վերաբերեալ:

Վերոնշեալ կազմակերպութեան համաձայն, 3 տարաչափութեամբ պատկեր մը ընկալելու համար աչքը պէտք է զայն դիտէ միաժամանակ երկու տարբեր անկիւններէ, որպէսզի ուղեղը զայն ընկալէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:

«Մասնաւորաբար 6 տարեկանէն վար մանուկներու պարագային` տեսողութեան այս պատշաճեցումը կը ստեղծէ հակասութիւն մը, որ շատ ծանր անդրադարձներ կրնայ ունենալ` նկատի ունենալով, որ այս տարիքին տեսողական դրութիւնը աշխուժ զարգացում կ՛ապրի», կ՛ըսէ կազմակերպութեան յայտարարութիւնը:

Նինթենտոյի Դէմ Զգուշացում

Բազմաթիւ ժապաւէններ, վիտէոյի խաղեր, պատկերասփիւռի յայտագիրներ եւ համակարգիչի պաստառներ կ՛օգտագործեն 3 տարաչափութեամբ պատկերներ, եւ առաջին անգամ չէ, որ հարցականներ կը ծագին անոնց ապահովութեան վերաբերեալ:

Անցեալ տարի նմանօրինակ ահազանգ մը հնչեցուցած էր Իտալիոյ առողջապահութեան հարցերուն հետեւող պետական կառոյցը: Այնուհետեւ Իտալիոյ մէջ աշխատանք կը տարուի մանուկներու քով սահմանափակելու 3 տարաչափութեամբ պատկերներ դիտելու ծառայող ակնոցներու գործածութիւնը:

Երբ 2010-ին Նինթենտօ հրապարակեց 3 տարաչափութեամբ խաղերու յատուկ իր առաջին գործիքը, զգուշացուց, թէ անոր վրայ խաղեր խաղալը կրնայ տկարացնել 6 տարեկանէն վար մանուկներուն տեսողութիւնը:

Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ընկերութիւններ շուկայ կ՛իջեցնեն 3 տարաչափութեամբ պատկերներով արտադրութիւններ: Կ՛ըսուի, թէ «Ափըլ» համակարգիչներու ընկերութիւնը կը կատարելագործէ 3 տարաչափութեամբ այնպիսի գործիք մը, որուն միջոցով պատկերներ կարելի պիտի ըլլայ դիտել առանց յատուկ ակնոցներու:

Միւս կողմէ` Տեսողութիւնը չափող մասնագէտներու ամերիկեան ընկերակցութիւնը յայտարարած է, թէ որեւէ տեղեկագիր չէ ստացած 3 տարաչափութեամբ պատկերներ դիտելու պատճառով արձանագրուած տեսողութեան խանգարումի վերաբերեալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )