Թուային Ժամանակներու Մէջ. «Կաւիճը Եւ Խօսիլը»` Ուսուցանելու Լաւագոյն Միջոցը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻՆ ՇՐՋԱԴԱՐՁԻՆ. ԱՅՍԻՆՔՆ` ԱՅՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԻՆ, ԹԷ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ` ԱՇԱԿԵՐՏՆԵ՛ՐԸ ՊԷՏՔ Է ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ, ԹԵՐԵՒՍ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԷ: ԿԱՍԿԱԾԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԾ ԵՆ ՇԱՆԿՀԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ: ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՔԵՒԻՆ ՏՈՆԵԼԼԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՎԷՃԸ «ՏԸ ՔՈՆՎԸՐԶԷՅՇԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԵՒ Կ՛ԵԶՐԱԿԱՑՆԷ, ԹԷ ՍԽԱԼ Է ՄՏԱԾԵԼ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱԿ ՁԵՒԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ:
Վերջերս Բրիտանիայէն 70 ուսուցիչներ Շանկհայ ուղարկուեցան` ուսումնասիրելու համար դասարանին մէջ ի գործ դրուած ուսուցանելու միջոցները եւ հետազօտելու, թէ ինչո՛ւ չինացի աշակերտները բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն միջազգային քննութիւններուն: Վերադառնալէ ետք ուսուցիչները իրենց տեղեկագիրին մէջ նշեցին, թէ Չինաստանի կրթական յաջողութիւնը մեծապէս արդիւնք է ուսուցանելու այն միջոցներուն, որոնք վերջին 40 տարիներուն աստիճանաբար ջնջուած են Բրիտանիոյ մէջ:
Չինացիք կը նախընտրեն «կաւիճով եւ խօսելով» ուսուցանելու ձեւը, մինչդեռ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ կրթական համակարգը հետզհետէ կը հեռանայ ուղղակի ուսուցանելու միջոցներէն եւ կ՛որդեգրէ մասնակցութեան վրայ հիմնուած միջոցներ, որոնց համաձայն, աշակերտները կը վայելեն յաւելեալ հակակշիռ` սորվելու գործընթացին վրայ:
Նկատի ունենալով Չինաստանի յաջողութիւնը կրթական մակարդակներ բաղդատող միջազգային քննութիւններուն, ինչպէս` ՓԻՍԱ, կը թուի, թէ մենք սխալ առաջնորդուած ենք` հեռանալով ուսուցիչին կողմէ ղեկավարուած ուսուցումի աւանդական ձեւերէն, որոնց համաձայն, ուսուցիչը աւելի երկար ժամանակ աշակերտներուն դիմաց կանգնած կը ղեկավարէ սորվելու գործընթացը եւ իր հակակշիռին տակ կը պահէ դասարանային աշխատանքը:
Ուղղակի Ուսուցանելու Եւ Պեղելով
Սորվելու Հակասութիւնը
Ուղղակի ուսուցանելու եւ պեղելով սորվելու հակասութիւնը վէճի նիւթ է բազմաթիւ տարիներէ ի վեր: Աւանդաբար` դասարանները դասաւորուած են այնպիսի ձեւով, որ աշակերտները նստին շարքով, իսկ ուսուցիչը անոնց դիմաց կանգնած` ղեկավարէ սորվելու գործընթացը եւ երաշխաւորէ կարգապահ միջավայրի պահպանումը: Ասիկա ծանօթ է իբրեւ ուղղակի ուսուցում:

Ուղղակի ուսուցումը աւանդական միջոցն է, որուն համաձայն, ուսուցիչը կը կանգնի դասարանին դիմաց եւ կը ղեկավարէ սորվելու գործընթացը:
Ուսուցիչներ 1960-ական տարիներու վերջերուն եւ 1970-ական տարիներու սկիզբը սկսան փորձարկել ուսուցանելու աւելի նոր եւ փորձառական ձեւեր: Ուսուցումը հիմնուեցաւ աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն վրայ, անոնց տալով յաւելեալ հակակշիռ` դասարանային աշխատանքներու վրայ, զանոնք ձերբազատելով գոց սորվելու եւ մտովին հաշիւ ընելու տաղտուկէն: Այս մօտեցումը ծանօթ է իբրեւ պեղելով եւ յայտնագործելով սորվելու ձեւ:
Մեկնելով Չինաստանի եւ Բրիտանիոյ տարածքին դասարաններուն մէջ կատարուած այս նորագոյն ուսումնասիրութենէն, ինչպէս նաեւ` Բրիտանիոյ մէջ վերջերս հրապարակուած «Ի՞նչ են լաւագոյն ուսուցումի նախադրեալները» վերնագիրով տեղեկագիրէ մը, կը նկատենք, թէ հետզհետէ կը բազմանան այն ապացոյցները, որոնք մտածել կու տան նոր ժամանակներու ուսուցումի ձեւերու ոչ արդիւնաւէտ բնոյթին մասին: Այսինքն, տկար արդիւնքներ կ՛արձանագրուին, երբ ուսուցիչը կը կատարէ միայն օգնականի դեր, եւ ոչ` սորվեցնողի, երբ կը գովէ աշակերտները` հիմնուելով այն մօտեցումին վրայ, թէ բոլորը «լաւ» են, երբ դասարանին մէջ աշակերտներուն սորված գիտելիքները կը հիմնուին անոնց անմիջական հետաքրքրութիւններուն վրայ:
Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէ, թէ Աւստրալիոյ կրթական համակարգին կողմէ որդեգրուած բազմաթիւ մօտեցումներ կը խանգարեն սորվելու գործընթացը:
«Ուսումնասիրողները չեն բաժներ յայտնագործելով սորվելու նկատմամբ տիրող խանդավառութիւնը: Անոնք ընդհանրապէս կը նախընտրեն ուղղակի ուսուցանելու ձեւը», կ՛եզրափակէ տեղեկագիրը:
Մասնաւորաբար նախակրթարանի առաջին տարիներուն անգլերէնի եւ ուսողութեան ուսուցումի ընթացքին ուսուցիչներ պէտք է բացայայտ կերպով բացատրեն, թէ ի՛նչ կը սորվեցնեն, եւ աւելի յաճախ օգտագործեն ամբողջ դասարանին ուղղուած ուսուցումի մեթոտը:
Ինչպէս Նիւ Սաութ Ուէյլզի համալսարանէն իմացական հոգեբանութեան մասնագէտ Ճոն Սուելըր կը նշէ վերջերս հրապարակուած «Աւստրալական կրթական պետական ծրագիրի մասին վերջին տեղեկագիր»-ին մէջ` «առաջին անգամ նոր գիտելիք մը փոխանցելու ընթացքին պէտք է կիրարկուին բացայայտ եւ ուղղակի միջոցներ»:
Աւստրալական կրթական համակարգին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ մանուկներ իրապէս կը սորվին միայն, երբ աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն: Հետեւաբար ուսուցիչներու կը թելադրուի, թէ սխալ է աշակերտները իրենց գրասեղանին ետին նստեցնել եւ պահանջել, որ մտիկ ընեն ինչ որ պիտի սորվին:
Դարձեալ ապացոյցները հակառակը կը փաստեն: Բրիտանական տեղեկագիրին համաձայն, նոյնիսկ երբ աշակերտները կը նստին եւ մտիկ կ՛ընեն, անոնք կ՛իւրացնեն փոխանցուածը: Սորվելու գործընթացը տեղի կ՛ունենայ անկախ անոնց «աշխուժ» կամ «կրաւորական» կեցուածքէն:

Ուսուցանելու նոր մեթոտներ շատ աւելի կ՛ընդգրկեն քննարկումներ եւ խոյզեր, քան` ուղղակի ուսուցանելու ձեւեր:
Գոց սորվիլը յաճախ քննադատուած է, որովհետեւ «կրկնելով կը մեռցնէ» աշակերտը կամ «թութակի» կը վերածէ զայն: Սակայն, բրիտանական տեղեկագիրին համաձայն, վերյիշելը եւ գոց սորվիլը դասարանային անհրաժեշտ ռազմավարութիւններ են, զորս պէտք է կիրարկեն բոլոր ուսուցիչները:
Բրիտանական տեղեկագիրը կը նշէ, թէ ուսուցիչներ պէտք է «քաջալերեն քանի մը անգամ ընթերցելը եւ հիմնական գաղափարներ գոց սորվիլը»: Այլ ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է մանուկներուն սորվելու լաւագոյն ձեւը փնտռելու նպատակով, կ՛եզրակացնէ, թէ կարգ մը բաներ, ինչպէս` աղիւսակներ, ոտանաւորներ, բանաստեղծութիւններ եւ գեղօններ պէտք է այնքա՛ն լաւ գոց սորվիլ, որ կարելի ըլլայ զանոնք ինքնաբերաբար վերյիշել` առանց որեւէ ճիգի:
Բոլորին Մատակարարելու Ձգտումը
Ապարդիւն Է
Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անգլիախօս երկիրներու դասարաններուն մէջ տիրապետող մտայնութիւնը այն է, թէ աշակերտներու խելացութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ անոնց սորվելու սեփական ձեւերը կը տարբերին: Օրինակ, կարգ մը աշակերտներ աւելի լաւ կը սորվին պատկերներ դիտելով, ուրիշներ` ֆիզիքական շարժումով, աշխատանքի մը մասնակցելով, իրենց ձեռքերը օգտագործելով կամ պարզապէս տպուած էջ մը կարդալով:
Բրիտանական տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէ, թէ ուսուցումի եւ սորվելու նման ռազմավարութիւններու տեղը ճիշդ չէ:
«Հոգեբանական ապացոյցները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ ոչ մէկ օգուտ կարելի է քաղել գիտելիքը աշակերտներուն նախընտրած ձեւով փոխանցելու ձեւէն», կը նշէ տեղեկագիրը:
«Փոխանակ ժամանակ, ճիգ եւ ուժ յատկացնելու դասարանին մէջ գիտելիքի փոխանցումը իւրաքանչիւր աշակերտի սորվելու ոճին պատշաճեցնելու, պէտք է ըսել, որ աւելի արդիւնաւէտ են աւելի բացայայտ եւ շեշտակի ձեւով ուսուցանելու ռազմավարութիւնները, ինչպէս նաեւ` աշակերտներուն աշխատանքին հսկելու տրամադրուած յաւելեալ ժամանակն ու ի հարկին միջամտելու մօտեցումը:
Շռայլ Գովասանքը Չի Նպաստեր
Ոեւէ Մէկուն
Տարիներէ ի վեր կրթական աշխարհին մէջ տիրապետող անշեղ սկզբունքներէն մէկը այն է, թէ աշակերտները տեւաբար պէտք է գովաբանուին, եւ թէ` ձախողութիւն պէտք չէ արձանագրուի: Շատոնց վերջ գտած են այն ժամանակները, երբ 10-ի վրայ 4 նիշը ձախողութիւն կը նշանակէր: Ենթադրաբար, երբ մանուկներուն կ՛ըսենք, թէ լաւ չեն իրենց արձանագրած արդիւնքները, ձեւով մը վիրաւորած կ՛ըլլանք անոնց ինքնարժեւորումի զգացումը:
Բրիտանական տեղեկագիրը կ՛ըսէ, որ թէեւ աշակերտները գովելը դրական եւ քաջալերական կրնայ թուիլ, սակայն սխալ ձեւի գովասանքը կրնայ մեծ վնաս պատճառել սորվելու գործընթացին:
Աշակերտները չափազանց գովելը, մանաւանդ` այն աշակերտները, որոնք լաւ արդիւնքներ չեն արձանագրեր, ճիշդ հակառակ ներգործութիւնը կ՛ունենայ: Անիկա կը փոխանցէ այն պատգամը, թէ ուսուցիչներ մեծ ակնկալութիւններ չունին եւ կը խորացնէ այն մտածողութիւնը, թէ քիչ մը լաւ արդիւնքը բաւարար կարելի է նկատել, փոխանակ ձգտելու աւելի բարձր մակարդակի եւ ակնկալելու շատ լաւ արդիւնքներ:
Ուսուցանելու Մէկ Ձեւ Գոյութիւն Չունի
Երբ կը վիճինք, թէ ուսուցանելու եւ սորվելու կարգ մը մօտեցումներ արդիւնաւէտ չեն, այս չի նշանակեր, թէ ուսուցանելու միայն մէկ ձեւ ճիշդ է: Թէեւ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ մտածել կու տան, թէ որոշ մօտեցումներ աւելի արդիւնաւէտ են, քան` ուրիշներ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ուսուցանելը բարդ աշխատանք մըն է: Ուսուցիչներ կարիքը ունին զանազան ռազմավարութիւններու:
Նախակրթարանի առաջին տարիներուն աշակերտներ պէտք է գոց սորվին աղիւսակներ, բանաստեղծութիւններ եւ գեղօններ` զանոնք դիւրութեամբ եւ առանց ճիգի վերյիշելու կարողութիւն մը զարգացնելու համար: Կրթութիւնը նաեւ կապ ունի հետաքրքրութեան եւ յայտնագործութեան հետ, հետեւաբար որոշ պարագաներու գոց սորվիլը յարմար չէ. օրինակ, երբ աշակերտներ կը հետազօտեն նիւթ մը, որ կը խանդավառէ զիրենք, եւ որուն համար պէտք է անձամբ փնտռտուքներ եւ վերլուծումներ կատարեն:
Ուսուցիչներ պէտք է իրենց ուսուցանելու ձեւերը պատշաճեցնեն տուեալ վիճակի մը եւ ճկունութիւն ցուցաբերեն` ըստ իրենց դասաւանդելիք նիւթին, անկէ առաջ եւ անոր յաջորդող նիւթերուն, նկատի առնելով աշակերտներուն ծանօթութեան մակարդակը տուեալ նիւթին:
Հարցը կը ծագի, երբ ուսուցիչներ եւ կրթական մարզին մէջ գործող ակադեմականներ առաջնահերթ կը նկատեն յատուկ մօտեցում մը` ի վնաս բոլոր միւսներուն: