Կաղանդի Տօնավաճառ Կերթմէնեան Վարժարանին Մէջ
27-28 նոյեմբերին Կերթմէնեան վարժարանին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Արդարեւ, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառ: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ճիգ չէին խնայեր օգտակար հանդիսանալու իրենց սիրելի վարժարանին` սատարելով պազարի աշխատանքներուն: Տօնավաճառին ներկայացուած էին Նոր տարուան յատուկ կողովներ, զարդեղէններ, խաղալիքներ, ուտելիքներ, անուշեղէններ: Զ. դասարանի աշակերտները, ինչպէս ամէն տարի, համախմբուած իրենց դաստիարակին շուրջը, տօնավաճառ այցելողներուն կը հրամցնէին սուրճ, տաք տուրմ, թէյ, նեսքաֆէ, սահլեպ, բակլայ: Այցելուները մեծ գոհունակութեամբ կը գնէին ներկայացուած ապրանքները, որոնք կը ծախուէին մատչելի գիներով:
CATEGORIES Գաղութային