Գոհար Համոյթին Սաները Յատուկ Ելոյթ Կ՛ունենան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտներուն Համար

1201_Kohar---HarboyanՍփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայ վարժարան, իր կրթական առաքելութեան կողքին, ունի նաեւ ազգային վեհ առաքելութիւն մը` հայ մշակոյթը պահպանել եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Այս տեսլականէն մեկնած` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, միշտ փայփայած ըլլալով աշակերտներուն եւ հայրենի արուեստագէտներուն միջեւ կամրջում մը ստեղծելու գաղափարը, հրաւիրեց ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի ներկայ եւ  շրջանաւարտ սաները, որոնք Լիբանան կը գտնուէին երաժշտանոցի ընդհանուր տեսուչ եւ ԳՈՀԱՐ համոյթի վաստակաշատ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան համար:

Արդարեւ, ընդառաջելով վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրին, երկուշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2014-ին, ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի սաները «Պետողլեան» սրահին մէջ յատուկ ելոյթ ունեցան` ի ներկայութեան վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր «Սիրելի ուսուցիչ», «Իմ մայրիկ», «Հայերէն», «Կոմիտասեան շարան», «Եկեղեցին հայկական», «Հայր իմ» եւ այլ երգեր:

ԳՈՀԱՐ համոյթի խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար, երաժիշտ Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին պատրաստուած այս հանդիսութիւնը, երաժշտանոցի սաներուն կենդանի կատարողութեամբ, շատ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ մեր աշակերտներուն` ունկնդրելու եւ վայելելու անոնց սքանչելի տաղանդները:

Շնորհակալութիւն` Խաչատուրեան ընտանիքին, որ ԳՈՀԱՐ համոյթին միջոցով բարձր պատուանդանի վրայ կը պահէ հայերէն հին ու նոր երգերու անզուգական գանձը, եւ զանոնք կը հրամցնէ երաժշտասէր հանրութեան: Թող մայեսթրօ Աբգարեանին հոգին լոյսի մէջ հանգչի եւ հպարտանքով սաւառնի` ի տես իր սաներուն փայլուն կատարողութեան եւ արձանագրած յաջողութեան: ԳՈՀԱՐ համոյթին կը մաղթենք յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ:

Share this Article
CATEGORIES