Լիբանանի Անկախութիւնը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Ազգ. Աբգարեան վարժարանին մէջ ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ին, շատ ճոխ մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը` ներկայութեամբ ծնողներու, հիւրերու, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն:

Մանկապարտէզէն մինչեւ Զ. կարգի աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ատենամարզանքին: Անոնց կողմէ հնչեցին Լիբանանի անկախութեան նուիրուած երգեր եւ արտասանութիւններ` թէ՛ հայերէն, թէ՛ արաբերէն լեզուներով:

Բեմին ճակատին հաւաքուած լիբանանեան հսկայ դրօշակը, ազգային քայլերգի կշռոյթին տակ, կամաց-կամաց աշակերտներու ձեռքերուն տակէն բացուեցաւ եւ զարդարեց բեմը` իր վեհութեամբ եւ ազատութեան ցանկացող իր տենչանքով:

Զինուորական տարազ հագած աշակերտներ տողանցեցին լիբանանեան դրօշակները իրենց ձեռքերուն, ապա սրահ մտան «հարսն ու փեսան» եւ սկսաւ լիբանանեան բարքերը պատկերող ներկայացումը, որուն ընթացքին բեմը թնդաց լիբանանեան տեպքէի դոփիւններէն եւ իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ ներկայացուեցան լիբանանեան պատկերներ:

Ներկաները ծափողջիւններով յոտնկայս հետեւեցան այս ճոխ յայտագիրին, որ հասաւ իր աւարտին` վարժարանի քայլերգով:

Վարժարանի բոլոր աշակերտները տուն մեկնեցան լիբանանեան դրօշներով` մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց ճակատները զարդարած, իսկ նախակրթարանի աշակերտները ձեռքերնին բարձր բռնած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES