Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճը Կը Նշէ Լիբանանի Անկախութիւնը
Երկրորդական
Հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Ֆետի Նաժիպ Աուար:
Լիբանանի եւ քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան արաբերէնով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ` որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունքի: Զուգահեռ մը գծելով լիբանանցի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ` նշեց, որ երկու ժողովուրդներն ալ ճաշակած են օսմանեան լուծի դառնութիւնը եւ իրենց ազատատենչ զաւակներուն կամքով ու արեամբ` թօթափած զայն:
Ապա անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու քաղաքական տագնապներուն` մաղթելով, որ Լիբանան շրջանցէ այս բոլորը եւ լիբանանեան հայրենիքի բոլոր զաւակները համահաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով կերտեն Լիբանանի ապագան:
Մարիա Գարասարգիսեան ասմունքեց անկախութեան նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը:
Լոռի Զէքեան մեկնաբանեց «Հըպպաք եա Լպնէն» երգը:
Դաշնակի վրայ Ա. Խաչատուրեանէն դասական կտորով հանդէս եկաւ Հենրի Իշխանեան:
Ապա Վանայ Արսլանեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը:
Երեսփոխան Աուար դրուատիքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ունեցած դրական ներդրումին` Լիբանանի քաղաքական թէ ընկերային կեանքին մէջ, նշելով, որ Լիբանան ամբողջական պիտի չըլլայ առաց զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր համայնքին, որմէ մէկն է նաեւ հայ համայնքը: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` տէր կանգնելու լիբանանեան հայրենիքին եւ չլքելու զայն, շեշտելով, որ նոր սերունդն է երկրի ապագան:
Քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան Ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին:
Ապա տնօրէնին ձեռամբ երեսփոխանին յանձնուեցաւ շնորհակալական յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ` հայկական աւանդական չիրեր, գինի ու տուրմ պարունակող սակառ մը:
Միջնակարգ
Միջնակարգի աշակերտութիւնը իւրայատուկ կերպով նշեց Լիբանանի անկախութիւնը:
Արդարեւ, ամիս մը առաջ Լիբանանի պատմութեան դասատուն իրենց տուած էր անկախութեան առնչուող հարցումներու շարք մը, որոնց պատասխանները պրպտելէ ու գտնելէ ետք, անոնք ունեցան հետաքրքրական զարգացման մրցում մը:
Նախակրթարան
Քոլեճի նախակրթարանի աշակերտութիւնը արդէն ամիս մը առաջ սկսած էր պատրաստուիլ: Աշակերտները իրենց ատենամարզանքի պահերուն ընթացքին ձեռային աշխատանքով պատրաստած էին Լիբանանի դրօշը պատկերող փողկապներ:
Նոյեմբեր 20-ին կայացաւ նախակրթարանի ձեռնարկը, որուն ընթացքին փոքրիկ աշակերտները իրենց սորված հայրենասիրական երգերն ու ասմունքները ներկայացուցին իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներուն:
Գ. դասարանի տղաքը տողանցեցին բեմին վրայ` իրենց դասընկերներուն նուագած հարուածային գործիքներու երաժշտութեան կշռոյթով, ապա նախակրթարանի երգչախումբը ձեռնարկը եզրափակեց Լիբանանին նուիրուած երգերու փունջով մը:

