Լուրեր Կաթողիկոսարանէն.
300 Կիներ Այցելեցին
Կաթողիկոսարան
Երեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած աւելի քան 300 կիներուն իր հայրապետական պատգամը ուղղելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ մեր ժողովուրդին համար 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան: Վեհափառ հայրապետին պատգամը կը բաղկանար երկու բաժիններէ` առաջին բաժինին մէջ ան խօսեցաւ մեր երէցներուն յարգանք ու հոգածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին, իսկ երկրորդ բաժինին մէջ կաթողիկոսը լայնօրէն անդրադարձաւ 2015 տարուան իւրայատուկ իմաստին ու պատգամին: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը` Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, շաբաթը անգամ մը մայրավանքին մէջ կը կազմակերպէ կիներու յատուկ հաւաքներ, որոնց ընթացքին աղօթքներու, սաղմոսներու ու շարականներու առընթեր Սուրբ Գրոց սերտողութիւն կը կատարուի, ինչպէս նաեւ կը խօսուի մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն ու կարեւոր դէպքերուն մասին:
Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու
Համախմբումի Վարչութեան Այցելութիւն
Հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ համայնքներուն համախմբումի վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Մազլում արքեպիսկոպոսին: Շուրջ չորս տարիներ առաջ կեանքի կոչուած յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները` իրենց կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով: Համախմբումին նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ եւ ազդու կարելիութիւններ որոնել քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ պահելու ու անոնց ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու: Վարչութեան անդամները տեղեակ պահեցին կաթողիկոսը վերջին ամիսներու համախմբումին կատարած աշխատանքներուն մասին եւ պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները:
Վեհափառ հայրապետը` ողջունելով վարչութեան տարած աշխատանքները, թելադրեց առաջնահերթութիւն տալ բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնց նպատակը քրիստոնէութեան պահպանումն է Միջին Արեւելքի մէջ: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ վերջերս գումարուած համագումարին եւ յառաջիկային այլ շրջաններու մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը հետապնդեն նոյն նպատակը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային
Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին
20-26 նոյեմբերին Այա Նափայի մէջ (Կիպրոս) գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն` յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:
Ժողովը քննարկեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ծրագիրներուն, պաշտօնէութեան եւ տնտեսական վիճակին ու եկեղեցիներու անդամակցութեան առնչուած գլխաւոր բնագաւառները եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ խորհուրդին առաքելութիւնն ու վկայութիւնը աշխարհի տարածքին աւելի ազդու դարձնելու համար:
Ժողովականներ նաեւ առիթ ունեցան այցելելու Կիպրոսի կարգ մը վանքերը եւ հանդիպելու հոգեւոր եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ:
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Մանուկները
Այցելեցին Մայրավանք
23 նոյեմբեր 2014-ին Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Անթիլիասի շրջանի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներով: Վեհափառը իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց փոքրիկներուն ու գնահատեց բոլոր ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը ղրկեն կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի անոնք դաստիարակուին մեր եկեղեցւոյ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներով:
Ազգային Բարերար Եւ Գործարար Ռուբէն
Վարդանեան Անթիլիասի Մէջ
Կիրակի, 23 նոյեմբեր 2014-ին, միօրեայ այցելութեամբ Անթիլիասի մայրավանք ժամանեց հանրածանօթ ազգային բարերար եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեան: Մոսկուայի մէջ կայք հաստատած Ռուբէն Վարդանեան նաեւ կեդրոնատեղիներ ունի Լոնտոնի, Երեւանի ու Նիւ Եորքի մէջ եւ ձեռնարկած է Հայաստանի ու Ղարաբաղի զարգացման մեծ ծրագիրներու իրագործման:
Ռուբէն Վարդանեան Անթիլիաս ժամանած էր միօրեայ այցելութեամբ հանդիպում ունենալու Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Առաւօտեան ան ներկայ գտնուեցաւ Ս. պատարագին, ապա ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառին: Ռուբէն Վարդանեանը պարզեց իր ծրագիրները եւ ուզեց գիտնալ կաթողիկոսին տեսակէտը: Արամ Ա. բարձր գնահատեց Ռուբէն Վարդանեանի հայրենակերտումի եւ ազգաշինութեան ի նպաստ բոլոր նախաձեռնութիւնները, եւ կոչ ուղղեց մեր ունեւոր բոլոր ազգայիններուն ու գործարարներուն` նոյն յանձնառութեամբ ու տեսլականով մասնակից դառնալու հայրենիքին ու ազգին հզօրացման աշխատանքներուն:
Մասնակցութիւն` «Միութիւն Ընդդէմ Կրօնքի Անունով
Վայրագութեան» Միջազգային Համագումարին
«Միութիւն ընդդէմ կրօնքի անունով վայրագութեան» միջազգային համագումարը տեղի ունեցաւ 18-19 նոյեմբեր 2014-ին, Վիեննայի մէջ, կազմակերպութեամբ` Ապտուլլա թագաւորին Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID): Ժողովը կը համախմբէր Միջին Արեւելքէն քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդներ, այլ կրօններու, ոչ կառավարական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ: Սոյն համագումարին Արամ Ա. կաթողիկոս անձամբ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու եւ իր պատգամը ուղղելու ժողովականներուն, սակայն իր խճողուած ժամանակացոյցին պատճառով ան չկրցաւ անձամբ մասնակցիլ: Զայն ներկայացուցին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Էջմիածինի ներկայացուցիչ Արմաշ եպս Նալպանտեան:
Այս համագումարին նպատակն էր միջազգային ընկերութեան ուշադրութեան յանձնել, լուսարձակի տակ առնել եւ միասնական զօրակցութիւն յայտնել ու դատապարտել յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իսլամ կրօնի չարաշահութիւնը` խումբ մը ծայրայեղականներու կողմէ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին այս համագումարին: Շահան արք. Սարգիսեան երկրորդ գլխաւոր նիստին ընթացքին` կրօնական հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան դերը խաղաղութեան հաստատման համար, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին պաշտօնական խօսք արտասանեց` ուր վեր առաւ ծայրայեղականութեան քանդիչ դերակատարութիւնը մեր այսօրուան ընկերութեան մէջ եւ լուծումներ առաջարկեց վայրագութիւնը նուաճելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան քաղաքացիութիւն եւ միջկրօնական դաստիարակութիւն կլոր սեղանի նիստի ընթացքին, չորս այլ մասնակիցներու կողքին, նոյն նիւթին առնչութեամբ իր ներկայացումը կատարեց:
Ժողովը իր փակման նիստին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց, «կրօններու անունով» կատարուող բոլոր վայրագութիւնները եւ մարդկային իրաւանց դէմ կատարուող բոլոր արարքները` յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի բոլոր փոքրամասնութիւններուն եւ շեշտեց իսլամ-քրիստոնեայ համագոյակցութեան կենսական կարեւորութիւնը:

