Ազգային Միացեալ Վարժարան
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր կեանքին մէջ նորութիւնները ընդունելու հասկնալու, քաջալերելու եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու անհրաժեշտութիւն կը զգանք:
Միութենական, համայնքային, տարբեր կազմակերպութեան եւ բարեսիրական կառոյցի կատարած իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան նկատմամբ առաջին հակազդեցութիւնը դժբախտաբար ժխտական կ՛ըլլայ:
Հաւանաբար մեր ապրած տնտեսական եւ ապահովական երկարատեւ ծանր ու բարդ իրավիճակը անուղղակի ազդեցութիւն ունի մեր հոգեվիճակին եւ թափին վրայ:
Սակայն պիտի փորձեմ քանի մը օրինակներով ցոյց տալ, որ հաւաքական աշխատանքով եւ կամքով կրնանք յաջողցնել զարմանք պատճառող ձեռքբերումներ:
Առաջինը ԱՖՀԻԼ-ի պարագան է: Յունիս 1998-ին, երբ ԱՖՀԻԼ-ը հիմնեցինք, առաջին երկու տարիները բոլոր մակարդակներու վրայ` ազգային, կուսակցական, համայնքային, անձնական եւ բարեսիրական, մեզ քննադատեցին: «Ի՞նչ պէտք կայ այս կառոյցին», «ապահովագրութենէ կը հասկնա՞ն», «հայկական է, վստահելի չէ» եւ այլն: 367 անդամներով սկսած ԱՖՀԻԼ-ը տարիներու ընթացքին ինքզինք փաստեց եւ այսօր կը հաշուէ աւելի քան 6000 անդամ եւ բազմաբնոյթ ծառայութիւններով` բոլոր համայնքի զաւակներուն օգտակար կ՛ըլլայ:
Երկրորդը` Ծաղկաձորի մէջ 1982-ին Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի հիմնարկէքը: Լիբանանի ամէնէն յուսահատական օրերուն, երբ արտագաղթը մեծ թափ ստացած էր, երբ քրիստոնեայ ճակատներու երկփեղկումը կար, երբ հրեաները Պէյրութ հասած էին, մենք Ծաղկաձորի մէջ Ճեմարան կը հիմնէինք: Թէ՛ ներքին` լիբանանեան առումով, եւ թէ արտաքին` սփիւռքի զանազան գաղութներէն քննադատութիւններ հնչեցին: «Ի՞նչ պէտք կայ», «Լիբանանը վերջացած երկիր է», «ա՛լ յոյս պէտք չէ դնենք Լիբանանի վրայ»: Սակայն այսօր փաստօրէն ո՛չ միայն Ճեմարանը ծաղկուն է, այլ ամբողջ շրջանը, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրով, բնակչութեամբ եւ դիմագիծով հայկական նոր վայրի մը վերածուած է: Տակաւին կրնամ ուրիշ օրինակներ եւս տալ: «Հորիզոն» հիմնադրութեան ժամանակ կարգ մը տնօրէններ վերապահութիւն յայտնեցին այդ գծով: Այսօր փաստօրէն անհրաժեշտ կառոյցներէն մէկն է:
Հիմա կայ Ազգային միացեալ վարժարանի տեսլականը: Այսօրուան մեր տնտեսական, ապահովական եւ շրջանային պայմաններէն մեկնած` կրնայ ըլլալ, որ վախի եւ վերապահութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած է: Սակայն պէտք է հաւատանք հետեւեալ սկզբունքներուն.
Ա.- Պուրճ Համուտի մէջ գոյութիւն ունեցող մեր չորս ազգային վարժարանները օրուան պահանջներուն համեմատ եւ կարեւորութեամբ հիմնուած էին: Այսօր մեր Պուրճ Համուտի աշակերտները պէտք չէ զրկուին լաւ դպրոցէ մը` նախ իբրեւ կառոյց, անկախ անոնց նիւթական կարեւորութիւններէն եւ կարողութիւններէն: Պէտք է Պուրճ Համուտի հայ աշակերտն ալ յաճախէ ուրիշներու համահաւասար լաւ կառոյցով վարժարան:
Բ.- Պէտք է լաւապէս գիտնանք, որ Ազգային միացեալ վարժարանը ուղղակի շարունակութիւնն է գոյութիւն ունեցող չորս վարժարաններու ոգիին, մթնոլորտին եւ կրթական մակարդակին: Հինի ու նորի հարց չկայ: Այլ կայ նպատակ` գոյութիւն ունեցող վարժարանները վերանորոգուած ներկայացնելու մեր համայնքի զաւակներուն:
Գ.- Ազգային միացեալ վարժարանը պիտի ընդգրկէ նաեւ արհեստագիտական բաժանմունք, ինչ որ յառաջիկայ տարիներուն, ինչպէս Եւրոպայի մէջ, այնպէս ալ հոս պիտի զարգանայ եւ նորարարութիւններ պիտի ներգրաւէ:
Դ.- Օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն առիթ մըն է, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շուրջ համախմբուին` իր նոր դիմագիծով ու շունչով:
Ե.- Ներկայիս գործող չորս վարժարաններու շէնքերը յառաջիկայ տարիներուն օգտակար նախաձեռնութիւններով պիտի օժտուին եւ նիւթապէս եւ բարոյապէս պիտի օժանդակեն Ազգային միացեալ վարժարանին:
Այս բոլոր հիմնաւորումներէն ետք պէտք է համոզուինք, որ Ազգային միացեալ վարժարանը լիբանանահայութեան վաղուան դիմագիծն է, եւ այս հեռանկարով բանաւոր ու գրաւոր քարոզչութեան սկսինք, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին յստակ պատգամ մը փոխանցած ըլլանք ուր որ պէտք է:

