Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները եւ Ռաայանի հովիտը` թիրախ դարձնելով զինեալ խմբաւորումները, որոնց շարքերուն մէջ արձանագրուեցան երեք զոհեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կառավարութեան գործակցելու սուրիական պետութեան հետ` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները:

ԱՔՔԱՐԻ մէջ անծանօթներ հրկիզեցին Սուրիայէն Լիբանան հասած տեղահանուածներուն պատկանող վրաններ:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան մօտիկ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութիւնը կրնայ գործադրել ահաբեկիչներուն դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռները:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները շատ բարդ են եւ դժուար:

ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու խորհուրդը կոչ ուղղեց ազատ արձակելու ձերբակալեալ կիներն ու երեխաները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայինները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը եւ Հըզպալլան քաջ գիտեն, որ լիբանանեան ներքին կայունութիւնը թիրախ է:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով լիբանանեան պետութիւնը յանդուգն որոշում մը պիտի տայ:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի հաստատեց, որ Արսալի բնակիչները ոչ մէկ կապ ունին նահատակ Ալի Պազզալի մահապատիժի ենթարկուելուն եւ առեւանգուած բանակայիններուն դէմ գործուած չարիքներուն հետ: Ան նշեց, որ իրենք կը փափաքէին, որ Արսալ 70 հազար սուրիացի տեղահանուածներ չստիպուէր հիւրընկալել եւ փոխարէնը կարելի ըլլար զանոնք Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններ փոխադրել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան կը նկատուին սուրիական վարչակարգին հետեւորդները եւ անոնք համազօր են Իսրայէլի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն գնով պէտք է երաշխաւորէ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ իր խօսքը ուղղելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ըսաւ. «Երկու ընտրանք ունիս. կա՛մ այն է, որ կ՛ուղղուիս խորհրդարան` նախագահական ընտրութեան մասնակցելու, կա՛մ ալ միասին երկխօսութիւն կը կատարենք»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ահաբեկիչներուն վրայ ճնշում բանեցնէ` կասեցնելու համար բանակայիններուն սպանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի կոչ ուղղեց զօրակցելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ առանց զոհողութիւններու ոչ մէկ տեղ կարելի է հասնիլ, ինչպէս նաեւ կարելի չէ Լիբանանը պաշտպանել: «Մենք կը զօրակցինք իսկական երկխօսութեան», ըսաւ Հարիրի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր միջազգային քրէական դատարանէն պահանջեց հետապնդել Ժապհաթ Նուսրան եւ ՏԱՀԵՇ-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES