Ուահապ. «Պէտք Է Զինուորական Գործողութեամբ Մը Ազատագրել Առեւանգուած Բանակայինները»

Ուիամ Ուահապ
Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ բանակայինները առեւանգող կողմերը չեն փափաքիր այդ հարցը լուծել եւ այդ պատճառով ալ իրենց պահանջները աւելցուցած են:
Ուահապ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակէն կը պահանջուի քաղաքական որոշումով մը Արսալ մտնել, երբ հիւսիսային Լիբանանի դէպքերը փաստած են, որ ոչ ոք լիբանանեան բանակէն եւ պետութենէն վեր է. հետեւաբար` բանակը կրնայ Արսալ մուտք գործել:
Ուահապ զգուշացուց, որ առեւանգող կողմերուն նպատակն է ներքին լիբանանեան առումով սադրանքներ պատճառել, սակայն անոնք անկարող են` նախ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ունեցած ազդեցութեան շնորհիւ, ապա այն իրականութեան շնորհիւ, որ սիւննի համայնքը ահաբեկիչներուն հիւրընկալ միջավայր մը չի նկատուիր:
Ուահապ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատագրման համար կազմուած լիբանանեան կառավարութեան յանձնախումբը խոցելի է, որովհետեւ կառավարութեան մէջ կան կողմեր, որոնց շահերուն չի ծառայեր բանակայիններուն հարցին լուծումը:
Ան կոչ ուղղեց գործադրելու ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի հրահանգը, որ կը վերաբերէր Ռումիէի բանտին եւ իսլամական բանտարկեալները արգելափակեալներու վերածելու կարեւորութեան:
«Պէտք է զինուորական գործողութեամբ մը ազատագրել առեւանգուած բանակայինները», ըսաւ Ուահապ:
Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երկխօսութիւնը պիտի ընդգրկէ ընտրական օրէնքը եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կազմուելիք կառավարութիւնը:

