«Յաջորդ Պատերազմին Լիբանանը Պիտի Քանդենք» Շեշտեց Այզընքոթ

Զօր. Կատի Այզընքոթ
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Կատի Այզընքոթ սպառնաց Լիբանանի մէջ հազարաւոր վայրեր ռմբակոծումի թիրախ դարձնել` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի մղելիք յաջորդ պատերազմին ընթացքին:
Ան հաստատեց, որ այդ պատերազմին ընթացքին Իսրայէլ ամբողջ Լիբանանը հարաւային արուարձաններ պիտի նկատէ:
Այզընքոթ հաստատեց, որ ինչքան Հըզպալլա Իսրայէլի խորերը ռմբակոծումի թիրախ դարձնէ, այնքան ալ իսրայէլեան բանակը պիտի ռմբակոծէ լիբանանեան ներքին շրջանները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի գիւղերն ու բնակարանները, որոնք վերածուած են Հըզպալլայի զէնքի պահեստանոցներուն:
Այզընքոթ շեշտեց, որ «Հըզպալլա քաջ գիտէ, որ յաջորդ պատերազմին Լիբանանը պիտի քանդենք, սակայն այդ իմաստով ոչինչ կը կատարէ եւ կը շարունակէ սպառնալ իսրայէլացիներուն»:
Միւս կողմէ, նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին թռիչքներ գործեց Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի եւ Թըպնինի վերեւ` հասնելով մինչեւ Նապաթիէ եւ Իքլիմ Թուֆֆահ, ուր ան կեղծ ռմբակոծումներ գործեց:
«Էմ. քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերը թռիչքներ գործեցին նաեւ Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի եւ Խիամի վերեւ` հասնելով մինչեւ Արեւմտեան Պեքաա եւ Պարուքի բարձունքները:

